Այսօր  կէսօրին  կը  յայտարարուի նորանշանակ  վարչապետին  անունը

Այսօր կէսօրուայ ժամը 12ին, ամենայն հաւանականութեամբ, իր աւարտին պիտի հասնի համախոհական կառավարութեան կազմութեան քաղաքական տագնապը: ՓԱՍՕՔ եւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ մարաթոնային խորհըրդակցութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին, մինչ կառավարական խօսնակ Իլիաս Մոսիալոս երէկուընէ արդէն դիտել կուտար թէ՝ «դրական կեցուածք ցուցաբերուած է նորանշանակ վարչապետի անձին շուրջ»:

Առաւօտեան ժամը 02:00ին համաձայնութիւն գոյացաւ ՓԱՍՕՔ-Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութիւններու պատասխանատուներուն միջեւ, ըստ որու ընտրութիւնները պիտի կայանան  19 Փետրուար 2011ին, ընդունելէ ետք Եւրոպական Միութեան կողմէ պարտադրուած գործընթացը:

Չեղեալ  նկատուեցաւ  հանրաքուէի  պարագան

Նոր դարձուածքով մը   ներկայացաւ երէկ խորհրդարանի բեմէն Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու, պատրաստակամութիւն յայտնելով հրաժարելու իր պաշտօնէն, եթէ այդ ձեւով պիտի դիւրանան քաղաքական զարգացումները, բայց վստահութեան քուէ պահանջեց խորհրդարանէն։
Այսօր Ուրբաթ կէս գիշերին պիտի կայանայ վստահութեան քուէի գործընթացը հելլէն խորհրդարանէն ներս։

Վարչապետ Փափանտրէուի ժողովրդային հանրաքուէ կայացնելու որոշումի յայտարարութենէն հազիւ մէկ օր ետք՝ ՓԱՍՕՔի մէջ «յեղափոխութիւն» յառաջացաւ։ Վեց երեսփոխաններ «քաղաքական մանիֆեսթ» հրապարակեցին, պահանջելով ընտրութիւններ, նոյն պահուն  կառավարութիւնը ու ինքնին վարչապետը մեղադրելով՝ կուսակցութեան սկզբունքներուն դէմ որոշումներու կայացման մասին։

Հոկտեմբեր 28ի Յունաստանի անկախութեան  նուիրուած պաշտօնական արարողութիւնները երկրի ամբողջ տարածքին անցան լարուած մթնոլորտի մէջ, ժողովուրդի զայրոյթի արտայայտութեան բազմաթիւ երեւոյթներու ներքոյ: