Այսօր  կէսօրին  կը  յայտարարուի նորանշանակ  վարչապետին  անունը

Այսօր կէսօրուայ ժամը 12ին, ամենայն հաւանականութեամբ, իր աւարտին պիտի հասնի համախոհական կառավարութեան կազմութեան քաղաքական տագնապը: ՓԱՍՕՔ եւ Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ մարաթոնային խորհըրդակցութիւնները այսօր ալ կը շարունակուին, մինչ կառավարական խօսնակ Իլիաս Մոսիալոս երէկուընէ արդէն դիտել կուտար թէ՝ «դրական կեցուածք ցուցաբերուած է նորանշանակ վարչապետի անձին շուրջ»:

Անտոնիս Սամարաս յայտնած է թէ չի փափաքիր որ իր կուսակցութենէն անձեր մաս կազմեն համախոհական կառավարութեան, ինչ որ սակայն ընդունելի չէ ՓԱՍՕՔի ղեկավարին կողմէ: Նոր Հանրապետութիւնը յստակացուցած է թէ ընտրութիւններէն ետք միայն իրական դերակատարութիւն վերապահուած է իրեն:
Վարչապետի անուան, ինչպէս եւ կարեւոր նախարարութիւններու բաժանման հարցերը բանակցութեանց առարկայ են. որեւէ կուսակցութիւն չի փափաքիր գործօն քաղաքական դէմքեր ներառնել համախոհական կառավարութեան կազմէն ներս, փաստօրէն սպասելով իրական դերակատարութիւն վերցնել՝ միայն ընտրութիւններու կայացումէն ետք:

 

Պրիւքսելի արձագանգը

Պրիւքսելէն եկած լուրերուն համաձայն, Eurogroupի նախագահ Ժան Գլոտ Եունքեր եւ եւրոպացի յանձնակատար Օլի Ռէն՝ գրաւոր երաշխաւորումներ կը պահանջեն յունական երկու իշխող կուսակցութիւններէն, թէ Հոկտեմբեր 26ի եւրոպական համաձայնագրով ճշդուած պարտականութիւնները լրիւ պիտի ստանձնուին: Ինչպէս յստակացուցած է Օլի Ռէն, գրաւոր այս փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք է միայն, որ սահմափակումները պիտի վերցուին Յունաստանին տրուելիք 6րդ վարկի տրամադրման գծով:
Եւրոպական այլ շրջանակներ եւս, նախապէս յայտարարած էին թէ միայն գրաւոր պէտք է ընդունուին Աթէնքի պարտաւորութեանց երաշխաւորութիւնները:

 

Եւրոպական Միութեան մնացեալ երկիրները կը բողոքեն

Եւրօգօտիէն դուրս մնացած Եւրոպական Միութեան տաս երկիրներու տնտեսութեան նախարարները Պրիւքսելի մէջ խորհրդաժողով մը պիտի գումարեն, դիրք ճշդելու եւ յառաջիկայ իրենց ուղին ծրագրելու նպատակով: Անոնք կը բողոքեն, դիտել տալով թէ մնայուն կ'անտեսուին եւ նոյն դրամանիշի կիրարկման քաղաքականութենէն հեռու կը պահուին: Լաւատեղեակ աղբիւրներ դիտել կուտան թէ մտահոգութիւն կը տիրէ «10» երկիրներու ղեկավարներներուն մօտ, թէ եւրօգօտիէն ներս դիմագրաւուող խնդիրները բացասական ազդեցութիւն կրնան ունենալ Եւրոպական Միութեան 27 երկիրներու միացեալ շուկային կապակցութեամբ: «10»երու խմբակին մաս կը կազմեն՝ Մեծն Բրիտանիա, Պուլկարիա, Տանըմարք, Լեթոնիա, Լիթուանիա, Հունգարիա, Լեհաստան, Ռումանիա, Շուէտ եւ Չեխիա:

 

Անկայուն վիճակ Իտալիոյ մէջ

Իտալիոյ մէջ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի կեդրոն-աջ համախոհական կառավարութեան երեսփոխաններու իրերայաջորդ մեկնումներէն ետք, անկայուն վիճակ կը տիրէ, մինչ լրագրական շրջանակները կը պնդեն թէ Պերլուսքոնի պատրաստ է հրաժարական ներկայացնելու: Վարչապետի շրջանակները կը մերժեն հրաժարականի պարագան, դիտել տալով թէ Իտալիոյ խորհրդարանը կը պատրաստուի վստահութեան քուէ տալու կառավարութեան:
Իտալիոյ ընդդիմադիր ուժերը կը պահանջեն Պերլուսքոնիի հրաժարականը եւ շատերու կողմէ կ'ենթադրուի թէ Յունաստանի «մոտել»ը պիտի կիրարկուի նաեւ Իտալիոյ մէջ...