Վարչապետ Փափանտրէուի ժողովրդային հանրաքուէ կայացնելու որոշումի յայտարարութենէն հազիւ մէկ օր ետք՝ ՓԱՍՕՔի մէջ «յեղափոխութիւն» յառաջացաւ։ Վեց երեսփոխաններ «քաղաքական մանիֆեսթ» հրապարակեցին, պահանջելով ընտրութիւններ, նոյն պահուն  կառավարութիւնը ու ինքնին վարչապետը մեղադրելով՝ կուսակցութեան սկզբունքներուն դէմ որոշումներու կայացման մասին։

Իրարու դէմ ամբաստանութիւնները ահաւոր սրած են քաղաքական մթնոլորտը, կառավարութիւնը փաստօրէն երկու ընտրանքի առջեւ բերելով՝ կանխահաս ընտրութիւններ կամ համախոհական կառավարութեան կազմութիւն։ Անակնկալի մատնուած են Եւրո-պական շրջանակները, շեշտուած են երկրի սնանկացման եւ եւրօգօտիէն դուրս գալու պայմանները։


Վերջին 24 ժամուան ընթացքին քաղաքական զարգացումները անվստահութեան մատնած են Յունաստանի տնտեսական աջակցութեան եւրոպական ծրագիրը, քանի որ ուղղակիօրէն հարցականի տակ կը դրուի ծրագրի վաւերացումը եւ գործնականացումը։ ՓԱՍՕՔէն դուրս եկան երեսփոխաններ Միլենա Ափոսթոլաքի եւ Էվա Քայլի։
Հակառակ պոռթկումներուն եւ անհամաձայնութեան սակայն, վարչապետ Փափանտրէու կը պնդէ հանրաքուէի կայացման վրայ: Արագընթաց զարգացումները վարչապետին դէմ բերին նաեւ փոխ վարչապետը, որ յայտնեց թէ ինք ծանօթ չէր Փափանտրէուի այս նախաձեռնութեան:
Անակնկալի մատնուած են  միջազգային շուկաները՝ Ուոլ Սթրիթէն մինչեւ Թոքիօ, Փարիզ եւ Միլան, ինչպէս կը գրեն օտար թերթերը: Նոյնպէս հանրաքուէի որոշումը անակնկալ էր Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն համար, որոնք վարչապետ Փափանտրէուն այսօր Քանն հրաւիրեցին, G-20ի գագաթնաժողովին ընթացքին քննելու համար Յունաստանի հարցը:
Ֆրանսական Liberation թերթը այսօր լոյս տեսաւ «ՔԱՈՍ» խորագրով, բուռն կերպով դատապարտելով Յունաստանի անկայուն կեցուածքը: Քաղաքական օտար շրջանակներուն համար յստակ է թէ հանրաքուէի կայացման որոշումը կը տապալէ ընթացքի մէջ եղող բոլոր բանակցութիւնները: Այս կացութեան հետեւանքները