Աթէնքի կեդրոնէն ներս բուռն բախումներու եւ ցուցարարի մը մահուան դէպքի հետեւանքով ստեղծուած ծանր մթնոլորտի մէջ, երէկ գիշեր հելլէն խորհրդարանը վաւերացուց կառավարութեան կողմէ ներկայացուած տնտեսական թիւ 37 օրինագիծը:

ՓԱՍՕՔի միայն մէկ երեսփոխան՝ Լուքա Քացէլի դէմ քուէարկեց օրինագիծին, ինչ որ հետեւանք ունեցաւ իր անմիջական վտարումը ՓԱՍՕՔի խորհրդարանական խմբակցութենէն:
Օրինագիծի ընդունումը որպէս պայման ներկայացուեցաւ կառավարութեան կողմէ, ստանալու համար եւրոպական օժանդակութեան 6րդ վարկը: Այսուհանդերձ, յունական հարցը առկայ կը մնայ՝ Եւրոպայի ղեկավարութեան միջեւ անհամաձայնութեան եւ անհանդուրժողութեան մթնոլորտին որպէս հետեւանք:
Այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Եւրոպական գագաթնաժողովը, առանց սակայն յստակ որոշման մը ակնկալութեան: Ըստ մամլոյ տեղեկութիւններուն, Կիրակի օրուայ խոր-հըրդաժողովը նախապատրաստական բնոյթ պիտի կրէ, յառաջիկայ շաբթու ընթացքին նոր գումարուելիք եւ որոշումները որդեգրող  գագաթնաժողովին համար:
Երկօրեայ գործադուլին առիթով կազմակերպուած բազմամարդ ցոյցերուն առընթեր, երէկ Սինտաղմայի հրապարակին շուրջ   բուռն բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներու եւ դիմակաւոր խմբակներու միջեւ, որ  լարեցին մթնոլորտը, հետեւանք ունենալով քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու խիստ ամբաստանութիւնները: Համայնավար կուսակցութեան ղեկավար Ալեքա Փափարիղա, ինչպէս եւ համայնավար կուսակցութեան աշխատաւորական սենտիքայի՝ ՓԱՄէի ներկայացուցիչները՝ խիստ ոճով ամբաստանութիւններ կատարեցին:

 

Պիտի սնանկանա՞յ Յունաստանը

Յունաստանի տնտեսական իրավիճակին հետ կապուած նախատեսումները յոռետես են: Միջազգային շուկաներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը նախատեսէ թէ մինչեւ 2012ի Մարտը՝ երկիրը սնանկացած պիտի ըլլայ: Reuters լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է  Bank of America - Merill Lynch-ի ամսական զեկոյցը, ուր նշուած է թէ միջազգային դրամագլուխները մատակարարող շուկաներու 85%ը չի կարծեր որ երկիրը պիտի կարողանայ յաղթահարել ստեղծուած իրավիճակը եւ բաւարարել տնտեսական իր պարտականութիւնները: Բոլորը դիտել կուտան, թէ 2012ի առաջին եռամսեակը ամէնէն վտանգաւոր ժամանակամիջոցն է:
Կացութիւնը կը բարդանայ նկատի առած Եւրոպացի ղեկավարներու՝ յատկապէս Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ առաջնորդներու համաձայնութիւնը, թէ եւրոգօտիէն ներս հասարակաց տնտե-սական մատակարարումի կարիքը կայ, դրամատնային դաշտի վերադասաւորումով: