- Details
- Category: Յունական լուրեր
Նոյեմբեր 17ի Բազմարուեստարանի յիշատակման օրուայ նախօրեակին՝
Բողոքի ցոյց կը կատարեն այսօր աշխատաւորական սենտիքաները
Բացայայտ հակառակութիւնները արդէն զգալի կը դառնան ՓԱՍՕՔ - Նոր Հանրապետութիւն - ԼԱՕՍ համակառավարական շրջագիծին դէմ: ՓԱՍՕՔի քաղաքական խորհուրդի ղեկավարող Տիմիթրիս Սաքելարիսի գլխաւորութեամբ՝ ՓԱՍՕՔի 101 քատրեր յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած են, իրենց հակառակութիւնը յայտնելով «միացեալ» կառավարութեան դէմ եւ վստահութեան քուէին դէմ դասուելով:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Տնտեսական «սեղմումներ»ը պիտի շարունակուին
Յոյն քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը կը գնահատէ նորանշանակ վարչապետ Լուքաս Փափատիմոսի նշանակումը այս պաշտօնին։ Ինչպէս կը յայտնէ երէկուայ «Թօ Վիմա» օրաթերթը, հարցախոյզի որպէս արդիւնք՝ քաղաքացիներու 72,9 առ հարիւրը դրական կը տեսնէ նոր վարչապետի ընտրութիւնը եւ «աւելի ապահով» կը զգայ ապագային համար։ Մնացեալ թերթերուն կողմէ հրապարակուող այլ յօդուածներ եւս բարձր ցուցանիշ կուտան նոր վարչապետին:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Խորհրդակցութիւններու երկար օրերէ ետք, երէկ կէսօրին, Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի կողմէ, կառավարութիւն կազմելու ուղղութիւն ստացաւ Յունաստանի Կեդրոնական Դրամատան նախկին նախագահ, Եւրոպական Կեդրոնական Դրամատան նախկին փոխ նախագահ, Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոս
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Վարչապետ Փափանտրէուի հրաժեշտի ելոյթէն ետք, երէկ գիշեր, հակառակ համաձայնութեան մը յանգելու եւ կառավարութեան նոր կազմն ու վարչապետը որոշելու՝ երկրի իշխող կուսակցութիւններու ղեկավարներ Եորղոս Փափանտրէու եւ Անտոնիս Սամարաս ապարդիւն հանդիպում ունեցան հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Այսօր կէսօրին կը յայտարարուի կառավարութեան նոր կազմը
24 ժամ տեւած գործընթացը կարելի չեղաւ աւարտել երէկ ուշ գիշերին, ինչպէս նախապէս ծրագրուած էր, Յունաստանի կառավարութեան նոր կազմն ու վարչապետը որոշելու պահը յետաձգելով: