Յունաստանի ուժանիւթի եւ միջավայրի նախարար Եորղոս Փափագոնսթանտինուէ եւ փոխ նախարար Եանիս Մանիաթիսէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը Ատրպէյճան կÿայցելէ, Թուրքիա-Յունաստան-Իտալիան (ITGI) իրարու կապող բնական կազի խողովակաշարի շուրջ
քննարկումներ կատարելու համար: Տուեալ խողովակաշարին մաս կը կազմէ յունական ՏԷՓԱ եւ Յունաստան կը նպատակադրէ կազի մատակարարում ապահովել Ատրպէյճանի Սախ Տենիզի հանքէն:
Այսօր յոյն նախարարը հանդիպումներ կÿունենայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ ուժանիւթի նախարար Նաթիկ Ալիեւի հետ: