Յունաստանի դժուարութիւնները եւ Եւրոպական Միութեան ակնյայտ տկարութիւնը՝ «սրտի կաթուած» յառաջացուցած են սակարանային շուկաներուն մէջ

-8.5% չափանիշի նուազում արձանագրած է Աթէնքի սակարանը, մինչ Եւրոպական Միութեան կողմէ Յունաստանին տրուելիք 6րդ վարկի յանձնումը՝ յետաձգուած է։ Տնտեսական տագնապին դիմադրելու Եւրոպական Միութեան ակնյայտ տկարութիւնը «սրտի կաթուած» յառաջացուցած է սակարանային շուկաներուն մէջ, որ ազդու նախաձեռնութիւններ չեն տեսներ։

24 ժամուայ գործադուլ հռչակած են Յունաստանի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաները, բուռն ձեւով հակառակելով կառավարութեան հարկային խիստ քաղաքականութեան դէմ։

«Հնդկաստան պիտի չդառնանք» խօսքերով արտայայտուեցաւ վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու, եւրոպական վերահսկիչ մարմնոյ՝ «թրոյքա»ի հետզհետէ խստացող պահանջներուն:

11-ամեայ Միրթիս կը վերակենդանանայ եւ ...հայերէնով կարտայայտուի

«Անցեալի հետ դէմ յանդիման» խորագիրը կրող շրջուն ցուցահանդէս մը կիրագործուի, որու առաջնակարգ դերը Քրիստոսէ առաջ 5րդ դարու 11-ամեայ Միրթիսին վերապահուած է:

ՎԱՐՇԱՎԱ.- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ էր Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէուի երէկ գիշեր կայացած հանդիպումը, Եւրոպական Միութեան երկիրներու արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ծիրէն ներս: