Արագօրէն կը վատթարանայ Յունաստանի վիճակը

Eurogroupի կողմէ Յունաստանին տրամադրուելիք եւրոպական օժանդակութեան 6րդ վարկի համաձայնութիւնը ապահովելէ ետք, նոր քննարկումներու վեցօրեայ շրջան մը բացուած է, ուր արդէն յայտնի կը դառնան յաւելեալ «սեղմումներու» տրամադրութիւնները: «Թրոյքա»ի

հրապարակուած զեկուցումին համաձայն՝ արագօրէն կը վատթարանայ Յունաստանի վիճակը, Յունիսի տուեալներուն բաղդատելով, ինչ որ պարտադրելի կը դարձնէ բաժնետոմսերու արժէքի նուազումները:
Պարզուած վիճակին որպէս հետեւանք՝ Աթէնքի սակարանի ընդհանուր ցուցանիշը երէկ 5%ի անկում արձանագրեց. մեծագոյն վնասները կրեցին դրամատնային արժեթուղթերը:
Քաղաքական եւ տնտեսական ջերմաստիճանը ահազանգային չափանիշներու հասած է արդէն: Այսօրուայ համար նախատեսուած ECOFINի ժողովը յետաձգուեցաւ, Եւրոպական Միութեան տնտեսութեան նախարարներու անյստակ կեցուածքին որպէս արդիւնք, մինչ Գերմանիա կը պնդէ, թէ բաժնետոմսերու արժէքի սոսկալի նուազում-ները նոյնիսկ՝ ապարդիւն պիտի ըլլան: