Աթէնքի աշխատաւորական կեդրոնը (EKA)  24 ժամուայ գործադուլ յայտարարած է այսօր Երեքշաբթի օր, մասնակցութեան կոչ ուղղելով նաեւ դրամատնային եւ հարկային ծառայութեանց պաշտօնէութեան:

Զօրաւոր հովերուն պատճառով փակուած կը մնան Փիրէայի, Ռաֆինայի  եւ Լաւրիոյի նաւահանգիստները, մինչ ձիւն կը տեղայ Փարնիթայի եւ Փենտելիի մէջ:
Ջերմաստիճանը ցած է եւ ձիւն կը սպասուի Ատիկէի հիւսիսային արուարձաններուն մէջ:

Դրական մթնոլորտի մէջ երէկ կայացաւ Յունաստանի վարչապետ Լ. Փափատիմոսի հանդիպումը Եորղոս Փափանտրէուի հետ, ամբողջացնելով հելլէն քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումներու շարքը։

Ամբողջ Յունաստանի տարածքին ջերմաստիճանը 17է վեր պիտի չբարձրանայ այս շաբթու ընթացքին:
Ատիկէի մէջ երէկուընէ սկսած են անձրեւն ու զօրաւոր հովը: Օդի այս յատկանիշերը պիտի երկարին մինչեւ շաբաթավերջ: Լեռնային շրջաններուն մէջ ձիւն կը նախատեսուի յաջորդող օրերուն:

Երեք ժամուան գործադուլ յայտարարած է հանրային պաշտօնեաներու սենտիքան

Այսօր Հինգշաբթթի բացումը կը կատարուի վաճառախանութներուն համար սահմանուած տօնական ժամանակացոյցին: Յառաջիկայ Կիրակի 18 Դեկտեմբերին բաց պիտի ըլլայ շուկան, ամբողջ Յունաստանի տարածքին: