Առաւօտեան ժամը 02:00ին համաձայնութիւն գոյացաւ ՓԱՍՕՔ-Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութիւններու պատասխանատուներուն միջեւ, ըստ որու ընտրութիւնները պիտի կայանան 19 Փետրուար 2011ին, ընդունելէ ետք Եւրոպական Միութեան կողմէ պարտադրուած գործընթացը:
Այս համաձայնութեան կայացման նախորդած էր երկու կուսակցութիւններու ղեկավարներ՝ Եորղոս Փափանտրէուի եւ Անտոնիս Սամարասի հանդիպումը Յունաստանի հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի հետ:
Համաձայնութիւն ընդունուեցաւ նոր կառավարութիւն կազմելու մասին, որու միակ թիրախը պիտի ըլլայ իրականացնել 26 Հոկտեմբերի եւրոպական վերահսկողութեամբ որոշումները եւ ընտրութիւններ կայացնել:
Այսօր պիտի յայտարարուի նոր կառավարութիւնը առաջնորդող վարչապետին անունը:
Յունաստանի քաղաքական ղեկավար դէմքերու արժանահաւատութիւնը ծանր հարուած ստացած է երէկուայ տագնապալի ժամերէն ետք, որ վերջապէս յանգեցան նոր կառավարութեան կազմութեան համաձայնութեան եւ նոր վարչապետի նշանակման, որ ընդունելի պէտք է ըլլայ երկու կողմերէն:
Վարչապետ Փափանտրէու կանուխէն յայտնի դարձուցած էր իր որոշումը՝ կառավարութեան կազմէն դուրս քաշուելու մասին: Ան պիտի պահէ կուսակցութեան ղեկավարի իր պաշտօնը, բայց արդէն հե-տաքրքրական ներկուսակցական զարգացումներ սկսած են ՓԱՍՕՔէն ներս:
Ընդդիմադիր մնացեալ ուժերը դատապարտեցին վտանգաւոր այս խաղերը, դիտել տալով թէ լուրջ ժամանակ կորսուած է: Այսօր նախատեսուած էր քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը նախագահ Փափուլիասի մօտ, որ սակայն յետաձգուեցաւ Համայնավար եւ Սիրիզա կուսակցութիւններու մերժումէն ետք:
Եւրոպական շրջանակներուն մօտ ժխտական բազմաթիւ արտայայտութիւններու եւ կեցուածքներու առիթ տուին Յունաստանի քաղաքական ներկայացուցիչներու լարախաղերը, վատթարացնելով մթնոլորտը: Եւրոպացի ղեկավարները Աթէնքէն լուրջ եւ հետեւողական կեցուածք կÿա- կընկալեն, վարկի 6րդ բաժինը տրամադրելու համար:
Աւելի քան 50 օտար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս եւ յունական մամուլը ժամերով հե-տեւեցան զարգացումնե- րուն, մինչ Պրիւքսելէն մինչեւ Ուաշինկթըն բոլորի հետաքրքրութիւնը կեդրոնացած էր Աթէնքի վրայ: