images/stories/greece-25-10-2011.jpgՊրիւքսելէն հասաւ լուրը, որ կը  նախատեսէ Յունաստանի ապագային հետ կապուած քաղաքական զարգացումները:
Կառավարութեան ներկայացուցիչ փոխ վարչապետ Էվանկելոս Վենիզէլոս,

հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ, տեղեկացնելով եւրոգօտիէն ներս կայացած համաձայնութիւններու մասին եւ յայտնելով, թէ վաղը Չորեքշաբթի օր կայացող գագաթնաժողովի որոշումներու կապակցութեամբ՝ անհրաժեշտութիւնը պիտի զգացուի հելլէն խորհրդարանի 180 քուէներու վաւերացման:
Տնտեսութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ կառավարութիւնը կը հաւատայ որ քաղաքական պատասխանատուութիւն ցոյց կուտայ խորհրդարանի կարեւոր մեծամասնութեամբ վաւերացուած օրինագիծերու ընդունումը:
Յայտնի է այս ձեւով, թէ վարչապետը որոշած է ռիսքը վերցնել երկու հաւանական լուծումներու առաջնորդուելով. կամ յաջողիլ՝ օրինագիծերու վաւերացման ընդլայնուած հաւանութիւն ստանալով, կամ ալ ընտրութիւններու առաջնորդուիլ, ընդհանուր անհամաձայնութիւնը պատճառ բերելով:
Ըստ յունական մամուլի գնահատումներուն, կառավարութեան որդեգրած այս նոր քայլը ցոյց կուտայ, թէ անմիջական զարգացումներ կը սպասուին: