Հոկտեմբեր 28ի Յունաստանի անկախութեան  նուիրուած պաշտօնական արարողութիւնները երկրի ամբողջ տարածքին անցան լարուած մթնոլորտի մէջ, ժողովուրդի զայրոյթի արտայայտութեան բազմաթիւ երեւոյթներու ներքոյ:

Թեսաղոնիկէի մէջ նախատեսուած զինուորական տողանցը առկախուեցաւ, հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիաս մեկնեցաւ տողանցքէն, դատապարտելով ազգային տօնը խոցելու երեւոյթները: Այլ քաղաքներու մէջ աշակերտական տողանցքները իրականացան, սակայն ժողովուրդի բուռն բողոքներու եւ դժգոհութեան արտայայտութիւններու հանդիսաբեմ դառնալով:

Ժողովուրդի տագնապալի եւ ճնշիչ հարցադրումներուն պատասխան մը պիտի փորձէ տալ վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու, այսօր կէսօրէ ետք նախատեսուած ՓԱՍՕՔի խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին:
Պրիւքսելի մէջ կայացած եւրօգօտիի որոշումներուն պիտի անդրադառնայ խորհրդարանը, վաղը Երեքշաբթի օր կայանալիք լիագումար իր նիստին ընթացքին: Եւրոպական Միութեան կողմէ որդեգրուած որոշումները յունական արժեթուղթերու 50%ի արժեզրկման յանգեցան, առժամաբար  հեռացնելով երկրի սնանկացման վտանգը: Տագնապը սակայն հոս չի վերջանար, քանի որ «փրկութեան» նոր համաձայնագիրը յաւելեալ ճնշումներ եւ սեղմումներ կը նախատեսէ յունական ընկերութեան, աշխատաւորական դասակարգերուն եւ վաճառական ընկերութիւններուն համար: Ինչպէս կը գնահատէ յունական մամուլը, երկիրը պիտի շարունակէ անկման մէջ ըլլալ, մինչեւ 2020 թուական, նոր օրինագիծերու եւ հարկային նոր դրութիւններու շարունակական որդեգրումներով, դրամատնային պայմանները պիտի խստանան, գործազրկութիւնը պիտի սաստկանայ, իսկ մարդոց կենցաղի պայմանները հետզհետէ պիտի վատթարանան:
Անկախ ուրեմն վարկերու տրամադրման եղանակէն, Յունաստանի տնտեսական «փրկութիւնը» ուղղակիօրէն կապուած է ճնշիչ ու երկար ժամանակաշրջանով, որ պիտի կրէ տագնապող ընկերութեան մը բոլոր յատկանիշները՝ բռնութեան դէպքեր, քաղաքական լարուածութիւն, անկայունութիւն: