- Details
- Category: Յունական լուրեր
Աշխատաւորական օրէնքներու տագնապալի թղթածրարը կը վերաբացուի, այսօր քննարկուող Յունաստանի աշխատաւորական նախարարութեան եւ եւրոպական վերահսկողութեան մարմնի («թրոյքա»ի) հանդիպումներուն ընթացքին:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Երեք տարի անցած է աշակերտ Ալեքսիս Ղրիղորոփուլոսի սպանութեան դէպքէն:
Այսօր աշակերտական եւ ուսանողական ցոյցեր տեղի կ'ունենան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, ի յիշատակ պատանի աշակերտին: Աւելի քան 5000 հաշուող ոստիկանական ուժեր պիտի հսկեն ցոյցերը:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Երեք ամսուան ուշացումէ ետք, երէկ Երեքշաբթի գիշեր, Eurogroupի կողմէ վերջնական վաւերացում ստացաւ՝ 8 միլիառ եւրօի վարկի փոխանցումը Յունաստանին: Դեկտեմբերի առաջին 15օրեակին ընթացքին գումարը արդէն փոխանցուած պիտի ըլլայ պետական սնտուկին մէջ:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Շաբաթ 19 Նոյեմբերին, իր մահկանացուն կնքեց Աթէնքի Փանտիօ համալսարանի պատմական ընկերաբանութեան դասախօս 71-ամեայ փրոֆ. Նէոքլիս Սարիս: Ան ծնած էր Պոլիս: Յունաստանի մէջ համալսարանական իր ասպարէզի կողքին վարած էր քաղաքական պաշտօններ, ստանձնելով ԷՏԻՔ կուսակցութեան նախագահութիւնը, Իոանիս Զիղտիսէն ետք:
- Details
- Category: Յունական լուրեր
Աթէնքի Բազմարուեստարանէն ներս, այսօր կÿաւարտին եռօրեայ ոգեկոչումները, ի յիշատակ 1973ին Բազմարուեստարանէն ներս ուսանողներու մասնակցութեամբ սկսած Յունաստանի խունթային դէմ ապստամբութեան: