Չեղեալ  նկատուեցաւ  հանրաքուէի  պարագան

Նոր դարձուածքով մը   ներկայացաւ երէկ խորհրդարանի բեմէն Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու, պատրաստակամութիւն յայտնելով հրաժարելու իր պաշտօնէն, եթէ այդ ձեւով պիտի դիւրանան քաղաքական զարգացումները, բայց վստահութեան քուէ պահանջեց խորհրդարանէն։
Այսօր Ուրբաթ կէս գիշերին պիտի կայանայ վստահութեան քուէի գործընթացը հելլէն խորհրդարանէն ներս։

Վարչապետի ելոյթին նախորդած էին ՓԱՍՕՔի խոր-հըրդարանական խմբակցութեան անդամներու բուռն քննարկումները, որոնցմէ շատեր ուղղակի հակառակութիւն հրապարակաւ յայտնեցին՝ հանրաքուէի կայացման գծով։ Վարչապետը «դրական եւ ստեղծագործական ցնցիչ նախաձեռնութիւն» բնորոշեց հանրաքուէի կայացման իր յայտարարութիւնները, որ -ըստ իրեն- օգտակար արդիւնքի յանգեցան՝ պարզացնելով քաղաքական ուժերու կողմնորոշումները:
Նոր Հանրապետութիւն կուսակցութեան նախագահ Անտոնիս Սամարաս եւս ելոյթ ունեցաւ խորհրդարանի բեմէն, ապա խմբակցութեան բոլոր երեսփոխանները մեկնեցան սրահէն։ Ընդդիմադիր ղեկավարը յայտնեց, թէ իր կուսակցութիւնը թեր պիտի քուէարկէ վարկային ստացումը ապահովող համաձայնութեան, անխուսափելի նկատելով այդ, մերժեց սակայն համախոհական կառավարութեան կազմութեան հարցը, ուղղակիօրէն շրջելով  կառավարութեան յայտարարութիւնները թէ բանակցութիւնները կը յառաջանան։
Քաղաքական զարգացումները իրարամերժ եւ արագընթաց են։ Յառաջիկայ ժամերը բանակցութիւններով յատկանշուած են խորհրդարանական ուժերուն միջեւ, եւ ինչպէս յայտնի է վարչապետ Փափանտրէու կը փորձէ ժամանակ շահիլ, զինք յաջորդող անձը ճշդելու գործընթացին մէջ։
Օտար լրատուամիջոցները, որ մօտէն կը հետեւին Յունաստանի մէջ զարգացումներուն, արդէն վարչապետի պաշտօնին համար անուններ սկսած են հրապարակել: BBC եւ Reuters դիտել տուին որ փոխանցման շրջանի վարչապետը շատ հաւանաբար Յունաստանի դրամատան նախկին նախագահ եւ Եւրոպական Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխ նախագահ Լուքաս Փափատիմոս պիտի ըլլայ: Ուրիշներ խօսեցան Յունաստանի նախկին վարչապետ Գոսթաս Սիմիթիսի մասին: Այս տեղեկութիւնները հաստատուած չեն առայժմ:

 

Կ'ուզեն Յունաստանը պահել եւրոգօտիէն ներս

Յունաստանին զօրակցելու եւ երկիրը եւրոպական հասարակաց դրամանիշի շրջագիծէն ներս պահելու պատրաստակամութիւն յայտնած են Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոպայ եւ Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ: Անոնք գրաւոր յայտարարութեամբ հանդէս եկան, Քաննի մէջ կայացած G-20ի գագաթնաժողովի առաջին օրուան արդիւնքները քննարկելով եւ դիտել տալով, թէ եւրոպական համերաշխութեան նախապայման է Յունաստանին զօրակցելու հարցը, 27 Հոկտեմբերի համաձայնութեան ծիրէն ներս: