Թրքական «Պանտիրմա» ռազմանաւը, երէկ Երկուշաբթի առաւօտեան Իզմիրի   նաւահանգիստը հասաւ, նախապէս յունական ծովային  տարածքը ճեղքած ըլլալով եւ Միքոնոս եւ Թինոս կղզիներու մօտէն անցնելով։ Թրքական ռազմանաւը հետապնդեցին յունական երկու ռազմանաւեր եւ ուղղաթիռ մը, մինչեւ յունական տարածքէն դուրս գալը:

Օդերեւութաբանական հաստատութիւնը կը յայտնէ, թէ ամբողջ շաբթու ընթացքին  ձմրան ամէնէն ցուրտ օդը եւ ցած ջերմաստիճանը պիտի տիրէ  Յունաստանի տարածքին։
Հինգ եւ եօթ Պոֆոր աստիճանի զօրաւոր հովը պատճառ դարձաւ, որ երէկ փակ մնան երկրի նաւահանգիստները։

Երէկ Երկուշաբթի 30 Յունուարի երեկոյեան, կայացաւ եւրոպական գագաթնաժողովի նիստը, որու օրակարգին մաս կը կազմէր Եւրոպական տնտեսական կայունացման համակարգի քննարկումը։ Յունաստանի վարչապետ Լուքաս Փափատիմոս մասնակցեցաւ խորհրդաժողովին, որու քննարկումներու առանցքը կազմեց Յունաստանի տնտեսական տագնապի յաղթահարման հարցը։

Իր կորուստը կը սգայ հայութիւնը

Ան մասնակցելով Երեւանի մէջ կայացած
2010ի «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնին
իր փափաքը յայտնած էր ժապաւէն մը ստեղծել՝
«արեւշատ այս երկրին մէջ»

Պրիւքսելի մէջ այսօր կը հանդիպին Eurogroup-ի (Եւրոպական գօտիի) տնտեսութեան նախարարները, քննարկելու համար Յունաստանին տրուելիք տնտեսական օժանդակութեան հարցը, ինչպէս եւ պարտատոմսերու արժէքի սահմանափակման քայլը: