- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր՝ 8 Հոկտեմբերին, կը լրանայ ծննդեան 149-ամեակը հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մեծանուն կին երախտաւորներէն Սիպիլի՝ Զապէլ Ասատուրի։
1863ին Սկիւտար ծնած՝ բարեկեցիկ Խանճեաններու Զապէլ դուստրը կոչուած էր մնայուն տեղ գրաւելու հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ, կանացի իր ինքնուրոյն դրոշմը դնելով թէ՛ մեր գրականութեան եւ թէ ազգային-հասարակական կեանքին վրայ։
- Details
- Category: Յուշատետր
6 Հոկտեմբերին, 142 տարի առաջ, հայրենի ոստան Սպիտակի գիւղերէն Ղարապոյայի (Սեւաներկ) մէջ, Խնկոյեաններու ընտանիքը բախտաւորուեցաւ մանչ զաւակի մը ծնունդով։ Անունը դրին Աթաբէկ, որ յայտնի դարձաւ Խնկօ Ապէր գրչանունով եւ մնայուն տեղ գրաւեց հայ ժողովուրդի արժանաւոր գրողներու շարքին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Այսօր՝ 4 Հոկտեմբերին, կը լրանայ մահուան 87րդ տարելիցը հայկական բնանկարչութեան մեծատաղանդ վարպետին‘ Գէորգ Բաշինջաղեանի։
Հայաստանի բնական գեղեցկութիւնը‘ Արարատ լերան վեհութիւնը, Սեւանայ լիճին խաղաղութիւնը եւ յաւերժական Անի քաղաքին շքեղութիւնը դժուար թէ այս աստիճան խորւթեամբ դրոշմուած ըլլային հայ մարդու էութեան մէջ, եթէ առինքնող կերպ ու գոյն, լոյս եւ շունչ ստացած չըլլային հայ մեծանուն նկարչի վրձինին տակ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան զոհերէն է նահատակ գրող Արտաշէս Յարութիւնեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը զուգադիպի այսօրուան՝ Հոկտեմբեր 3ին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հոկտեմբեր 2ի այս օրը, 111 տարի առաջ, Ատանայի մէջ եւ Տիգրան Ալթունեանի ընտանեկան համեստ յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ շնորհազարդ հայ մանուկ մը, որուն մկրտեցին հայոց առասպելական հերոսին անունով՝ Թաթուլ։