6 Հոկտեմբերին, 142 տարի առաջ, հայրենի ոստան Սպիտակի գիւղերէն Ղարապոյայի (Սեւաներկ) մէջ, Խնկոյեաններու ընտանիքը բախտաւորուեցաւ մանչ զաւակի մը ծնունդով։ Անունը դրին Աթաբէկ, որ յայտնի դարձաւ Խնկօ Ապէր գրչանունով եւ մնայուն տեղ գրաւեց հայ ժողովուրդի արժանաւոր գրողներու շարքին։
Խնկօ Ապէր ապրեցաւ 65 տարի եւ իր կեանքին մեծ մասը ամբողջապէս նուիրեց հայ մանկական գրականութեան, նաեւ՝ մանկավարժութեան։ Իր առակներով եւ մանկական աշխարհը ջերմացնող գործերով՝ դարձաւ նորահաս սերունդներու սիրուած ու փնտռուած գրողը։ Եւ հայ ժողովուրդը ըստ արժանւոյն գնահատեց վաստակաշատ իր գրողին՝ անոր ծննդավայրը յետ մահու վերանուանելով Խնկոյեան։
Գիւղի վարժարանին մէջ նախակրթութիւնը ստանալէ ետք, ընդունուեցաւ Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) քաղաքային դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1890ին եւ նուիրուեցաւ ուսուցչութեան՝ 20 տարի Անդրկովկասի հայաշատ տարբեր կեդրոններուն մէջ պաշտօնավարելով եւ, միաժամանակ, թափ տալով գրական-ստեղծագործական աշխատանքի։
Խնկօ Ապէր 1910ին հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր ուսուցչական պաշտօն ստանձնեց Ս. Լիսիցեանի գիշերօթիկ վարժարանին եւ քաղաքային պետական դպրոցին մէջ։ Այդ տարիներուն հայկական Թիֆլիսը կ'ապրէր իր փառքի դարաշրջանը, իբրեւ հայ մշակոյթի եւ գրականութեան ամէնէն ծաղկուն եւ եռուն օճախներէն մէկը։ Խնկօ Ապէրի ստեղծագործական ծաղկումին եւ ժողովրդականութեան տարածման առումով եւս մեծապէս բարեբեր եղաւ թիֆլիսեան միջավայրը։ Տաղանդաւոր մանկագիրը եռանդով աշխատակցեցաւ ատենի հայ մամուլին՝ «Հասկեր», «Մաճկալ», «Աշխատաւոր» եւ այլ պարբերականներու։
Խնկօ Ապէր արդէն հռչակուած մանկագիր ու վաստակաւոր մանկավարժ էր, երբ Հայաստանի անկախացումէն ետք տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր նոր թափով շարունակեց իր ծառայութիւնը։
Խնկօ Ապէր հայ գրականութեան անդաստանէն ներս մուտք գործեց 1890ին՝ «Բանաստեղծական փորձեր» գրքոյկով, ուր ի յայտ եկաւ հետագայ առակագիրի եւ մանկական երեւակայութիւնը գերող մանկագրի անոր բնատուր արժանիքը։ Բեղուն գրիչ եղաւ իրը եւ հայ գրականութեան տուաւ առակներ, հեքիաթներ, երկարաշունչ բանաստեղծութիւններ ու լեգենդներ։ Նաեւ թարգմանական մարզի մէջ արգասաւոր գրիչ մը եղաւ՝ մանկական գրականութեան աշխարհահռչակ գործերը հայացնելով։ Իր ժողովրդային, պարզ ու հաղորդական լեզուամտածողութեամբ գրաւեց ընթերցող լայն հասարակութիւն։
Յատկապէս Թիֆլիս հաստատուելէ ետք Խնկօ Ապէր լոյս ընծայեց իր հռչակաւոր գործերը՝ «Աղուէսն ու Արջը», «Գող Մաքին», «Առակներ»ը, «Մկների Ժողովը» եւ «Գայլն ու Գառը»։ Անոր մանկական բանաստեղծութիւնները՝ «Ծաղկանց Ծովը», «Մեղուն», «Բկլիկ Ձկնիկը», «Ճանճը» եւ շատ ուրիշներ հայ նորահաս սերունդներու սիրուած ոտանաւորները եղան։
Խնկօ Ապէրի գրական ժառանգութիւնը կը հաշուէ շուրջ 120 ինքնուրոյն եւ թարգմանական՝ հայացուա՛ծ գիրք։ Մանկական գրականութեան համաշխարհային գլուխ¬գործոցները, ինչպէս «Քնած Արքայադուստրը» եւ «Ռոբինսոն Կրուզոն», հայ նորահաս սերունդները կարդացին եւ իւրացուցին Խնկօ Ապէրի հայերէնով։
Նաեւ իբրեւ մանկավարժ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Խնկօ Ապէր։ Երկար տարիներ գործածուեցան հայկական դպրոցներուն համար իր պատրաստած դասագիրքերը՝ «Մեր Դպրոցը» եւ, խորհրդային տարիներուն, «Կարմիր Արեւ»ը։
Խնկօ Ապէր իր աչքերը առյաւէտ փակեց 8 Հոկտեմբեր 1935ին եւ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի Պանթէոնին մէջ։
Իր ծննդեան տարեդարձը նշելու թող ծառայէ «Վատ ընկերը» խորագրով հանրածանօթ ու փնտռուած Խնկօ Ապէրի հետագայ առակը.
Մի անգամ
Առիւծ արքան
Մռնչում էր կողի ցաւից.
Գազանները ամէն կողմից
Եկան հիւանդ արքային տես,
Բայց մէջներին չկար աղուէս:
Էնտեղ մէկն էլ
Մի պառաւ գէլ
Ասաւ.- Արքայ,
Ախր ի՞նչ կայ,
Որ աղուէսը՝
Հաճուճ¬մաճուճ
Թիզ ու կէսը,
Քեզ չի յարգել,
Տես, չի եկել:
Ցաւը թողած՝
Արքան գոռաց,
Թէ՜ հա թռէք,
Էն ըմբոստին
Մօտս բերէք:
Հինգ, վեց
Գազան
Ելան հասան,
Էն աղուէսին
Մի կերպ գտան,
Պատճառն ասին,
Բերին ատեան:
Արքան գոռաց.
- Ո՞ւր ես, մեռած…
Ասեմ ձեռաց,
Աղուէսն ասաց.
- Տէր վեհափառ,
Խնդիրս առ,
Որ լսեցի՝ դու հիւանդ ես,
Էլ ի՛նչ ասեմ, ինձ հօ գիտես,
Ինչպէս գլխիս կրակ վառած
Եւ պատանս էլ թեւիս առած
Հա էստեղ,
Հա էնտեղ,
Վերջը գտայ
Ցաւիդ դեղը,
Գէլի մորթին արա մուշտակ,
Միսը՝ շորպա, խմի տաք-տաք,
Քրտնեց կողդ,
Կանցնի դողդ:
Որ չտուեց էսպէս թելին,
Իսկոյն գետին դրին գէլին:
Արքան հագաւ գէլի կաշին,
Միսը կերաւ նախաճաշին:
Քրտնեց կողը,
Անցաւ դողը
Մէջտեղ գնաց
Զրպարտողը:
Ն.