92 տարի առաջ, Սեպտեմբեր 24ի այս օրը, իրաւականօրէն տակաւին Օսմանեան Կայսրութիւն կոչուող Թուրքիոյ այսպէս ըսուած «ազգային բանակ»ը, երիտասարդ զօրավար Մուսթաֆա Քեմալի հրահանգով, յարձակեցաւ անկախ Հայաստանի վրայ՝ առանց, սակայն, պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարելու...

Սեպտեմբեր 21ին, ամէն տարի, ահա՛ 21 տարիներէ ի վեր, ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, հայ ժողովուրդը միասնաբար ու ամխառն հպարտութեամբ կը տօնէ լուսաշող տարեդարձը Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէին։

«Տղաք, գիտէք, վաղը առտու մեր հարսանիքի օրն է, այն օրը, որուն բոլորս կը սպասենք։ Ամէն զինուոր կազմ ու պատրաստ պէտք է ըլլայ առաւօտեան ժամը 4ին։ Այս ժամը վրէժխնդրութեան եւ արդար հատուցման վսեմ ժամն է. Հայրենքի ազատութեան համար է, որ պիտի մղենք նուիրական պատերազմը։ Ատիկա միակ ծառայութիւնն է, որ մենք պիտի կատարենք հանդէպ մեր դժբախտ ազգին ու զայն երջանկացնենք մեր արեան գնով։

«Առանց երեւակայութեան հոգին նոյնն է, ինչ աստղադիտարանը առանց հեռադիտակի»։
Հայու Հոգին եւ գիտական իմացութիւնը այսպիսի՛ խորութեամբ եւ իբրեւ մէկ անբաժանելի ամբողջութիւն ընկալած, անսանձ թռիչքի վերածած Հայը եղաւ Վիկտոր Համբարձումեան, որուն ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդը կը նշէ ամէն Սեպտեմբեր 18ի այս օրը։

Սեպտեմբեր 16ին, 190 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ ծնաւ Յովսէփ Շիշմանեան անունով տաղանդաւոր հայ մը, որ ճակատագրուած էր դառնալու մեր ժողովուրդի ազգային զարթօնքին եւ հայրենասիրական-ազատագրական վերածնունդին գլխաւոր  քարոզիչներէն ու մղիչ ուժերէն մէկը։
Մասնագիտական ուսումով եւ ասպարէզով բժիշկ եղաւ ան, բայց հայ գրականութեան մեծերու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղը գրաւեց ու յաւերժացաւ Ծերենց գրչանունով։