Այսօր՝ 8 Հոկտեմբերին, կը լրանայ ծննդեան 149-ամեակը հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ իրականութեան մեծանուն կին երախտաւորներէն Սիպիլի՝ Զապէլ Ասատուրի։
1863ին Սկիւտար ծնած՝ բարեկեցիկ Խանճեաններու Զապէլ դուստրը կոչուած էր մնայուն տեղ գրաւելու հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ, կանացի իր ինքնուրոյն դրոշմը դնելով թէ՛ մեր գրականութեան եւ թէ ազգային-հասարակական կեանքին վրայ։


Ան ստեղծեց գրականութիւն մը (բանաստեղութիւն եւ արձակ), որ նրբագեղ ու նրբաշխատ էր՝ թէ՛ գեղարուեստական մշակման, թէ՛ բովանդակութեան եւ արծարծած խնդիրներուն առումով, յագեցած հայ կնոջ յատուկ շեշտակի զգացականութեամբ։
Ոչ միայն ստեղծագործեց, այլեւ մտաւորական շարժում ու գրական հոսանք առաջնորդող ներկայութիւն դարձաւ պոլսահայ իրականութեան մէջ, 19րդ դարավերջին եւ 20րդի սկզբնաւորութեան։ Արեւմտահայ գրականութեան վիպապաշտ (ռոմանթիք), իրապաշտ եւ գեղապաշտ իրերայաջորդ երեք սերունդներուն միջեւ կամուրջ մը եղաւ։
Զապէլ Ասատուր նաեւ կրթական մշակի, կանանց հանրային դերակատարութեան աշխուժացման ու հայ որբերու եւ կարիքաւորներու պաշտպանութեան նկատառելի վաստակ կապեց իր անունին։
Նախնական կրթութիւնը ստացաւ տան մէջ՝ մասնաւոր ուսուցիչներու խնամքին տակ։ Մանկութենէն, հայերէնի կողքին, տիրապետեց ֆրանսերէնի։ Յաճախեց Ս. Խաչ վարժարանը, ապա՝ Սկիւտարի Ճեմարանը, ուր Խաչատուր Միսաքեանի եւ Սիմոն Ֆելէկեանի տարողութեամբ ուսուցիչներու շնորհիւ բացուեցաւ եւ փարեցաւ հայոց լեզուի, հայ մշակոյթի ու գրականութեան հարստութիւններուն։
Հազիւ երիտասարդ՝ 1879ին, ան նախաձեռնողներէն մէկը եղաւ Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան հիմնադրումին՝ նպատակ ունենալով Պոլսոյ եւ յատկապէս հայկական գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ հայ աղջիկներու համար։ Ամբողջ քսանամեակ մը այդ ընկերութիւնը պատնէշի վրայ մնաց՝ հոգալով նաեւ կրթաթոշակը հայ պարմանուհիներու բարձրագոյն ուսումնառութեան։ Եւ երբ հարկը ստեղծուեցաւ ջարդերու հետեւանքով անտէր մնացած որբերու հոգատարութեան, այդ առումով եւս միութիւնը բարեխնամ դեր կատարեց։
1881ին Սիպիլ ամուսնացաւ փաստաբան Կարապետ Տոնելեանի հետ եւ միասին մեկնեցան հայկական գաւառները՝ մօտէն թափ տալու համար աղջկանց վարժարաններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ ընդունակ հայ պարմանուհիներուն կրթաթոշակով ապահովելու աշխատանքին։
1900ին Սիպիլ կորսնցուց իր ամուսինը, բայց կնքեց երկրորդ ամուսնութիւն մը ծանօթ գրող Հրանդ Ասատուրի հետ, որուն կապուեցաւ նաեւ գրական ու ազգային-հասարակական երկարամեայ գործակցութեամբ։ Այր ու կին Ասատուրներու միացեալ աշխատանքին արգասիքը եղաւ հայերէն լեզուի, քերականութեան եւ գրական ընթերցումներու «Թանգարան» անունով դասագիրքերու շարքը, որ ամբողջ քառորդ դար ծառայեց նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութեան։
Զապէլ եւ Հրանդ Ասատուրները գործակցեցան նաեւ Գրիգոր Զօհրապի հետ՝ «Մասիս» թերթի հրատարակութեան երկրորդ շրջանը իրականութիւն դարձնելով եւ իրենց հրապարակումներով, թերթի էջերուն, աշխոյժ ներկայութիւն դառնալով ու իրենց շուրջ խմբելով իրապաշտ գրողներու ամբողջ հոյլ մը։
Սիպիլ գրչանունը հռչակի արժանացաւ 1891ին լոյս տեսած «Աղջկան մը սիրտը» վէպով, որ թէեւ վիպագրական արուեստի դիտանկիւնէն մեծ արժէք չի ներկայացներ, բայց իր շօշափած ընկերային հարցերով, յատկապէս հայ կնոջ ազատագրումին նուիրուած զգացական մօտեցումով՝ նոր շունչ բերաւ պոլսահայ գրականութեան։ Սրբուհի Տիւսաբ արդէն բացած էր այդ ուղին հայ գրականութեան մէջ, բայց առաւելաբար բարոյախօսական սահմաններէն անդին անցած չէր։ Մինչդեռ Սիպիլ եկաւ գրական-գեղարուեստական մշակում տալու հայ կնոջ իրաւունքներուն եւ ազատութեանց պաշտպանութեան շարժումին ու, իբրեւ այդպիսին, գրական իր դպրոցը ստեղծեց։
Նոյնքան թարմաշունչ եղաւ Սիպիլի մուտքը հայ բանաստեղծութեան անդաստանէն ներս։ 1902ին լոյս տեսաւ Սիպիլի «Ցոլքեր» բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։ Եւ այնուհետեւ, ամբողջ երեսուն տարի, Սիպիլ մամուլի էջերուն լոյս ընծայեց իր բանաստեղծութիւնները, որոնք յետ-մահու հաւաքուեցան 1940ին լոյս տեսած «Քերթուածներ» հաւաքածոյին մէջ։
Ե՛ւ հայերէն լեզուի մշակուածութեան, ե՛ւ գեղարուեստական պատկերներու գեղեցկութեան, ե՛ւ նուրբ զգացումներու զարդանաշխման առումներով՝ Սիպիլ բանաստեղծական իր ուրոյն ոճը ստեղծեց, որուն տրուած ամէնէն դիպուկ բնութագրումը կը պատկանի մեծն Յակոբ Օշականի։ «Սիպիլի բանաստեղծութիւնը անթերի ձեւերու, մետաքսէ ոլորներու, ծիրանի ու փրփրուտ ժանեակներու, ոսկի դանակներու, թռչող բայրերու եւ աչք առնող գոյներու զարմանալի խառնուրդ մըն է. մեր զգայարանքներուն վրայ հմայք կը լեցնեն, բայց երեւոյթի մը պէս կը թռին անոնք ու մենք մեր աչքերուն վայրկեանի թովշանքէն ազատելէն վերջ կը մոռնանք զանոնք».- կը շեշտէ Օշական։
Սիպիլ մինչեւ մահ, 1934 թուականը, մնաց Պոլսոյ մէջ՝ պատնէշի վրայ կանգուն մնալով, ստեղծագործելով եւ կրթական մշակի իր առաքելութիւնը շարունակելով։ Բայց վերջին տարիներուն կաթուածը անկողնին գամեց հայ գրականութեան մէջ կանացի զգացականութիւնը առաւելագոյն գեղեցկութեամբ, քնքշութեամբ ու նրբութեամբ վերծանած մեծ գրողին։
Սիպիլի՝ Զապէլ Ասատուրի յուզաշխարհին հաղորդակից դառնալու եւ հայ կնոջ սրտով ու մտքով Մայրենիին պահապան կանգնելու հաղորդութեան առիթ մը թող ըլլայ կողքին արտատպուած «Հայ Լեզուին» քերթուածը.

Հայ Լեզուին
Զապէլ Ասատուր (Սիպիլ)

Դո՛ւն, առաջին վանկ շրթունքիս,
առաջին ձայն իմ հոգւոյս,
Նախկին հնչիւն իմ մանկական լեզուիս հեզ,
Որով լացի ու երգեցի միշտ յուզումներս,
իղձս ու յոյս,
Իմ մայրենի քաղցրի՜կ բարբառ, ողջո՜յն քեզ:

Տարիներով թափառական օտար երկիր ու վայրեր,
Զուրկ մնացի ընտանիքէս, տընակէս.
Այլ քու կարօտդ անդարման
ցաւն եղաւ սրտիս կարեվեր,
Ո՜վ իմ լեզուս, ամէն իղձ զո՜հ ըլլայ քեզ:

Զարմանահրաշ վըսեմ թարգման դուն սրբութեանց անմատոյց,
Դուն արձագանք Հայ անցեալին, կեանքին  վէս,
Տիտաններու, քերթողներու անմահ փառքին
ապացոյց,
Ո՜վ վեհ բարբառ իմ հայրերուս, պատի՛ւ քեզ:

Ալեծաղիկ կատարներու անմահ զաւակ դարաւոր,
Ծոցէդ անշէջ ճառագայթներ կը ժայթքես,
Մշտափթիթ գարուն մÿանանց
կը պըսակէ դէմքդ աղուոր,
Անզուգական, քնքուշ լեզուս, համբո՜յր քեզ:

Դուն Մեսրոպին ու Սահակին շունչին
թրթռումը ոսկի,
Որ հայրենի յուշերն անդուլ կÿեղերգես.
Իր պաշտելի աւանդութեանց,
նշխարներուն սուրբ ըսկիհ,
Ով աննման չքնաղ լեզու, բուրվա՜ռ քեզ:

Ծով ծիածան որ կը գըլես լայն կոհակներդ
այգաբեր,
Մերթ գոհարներ ծաւալելով, մերթ բեհէզ.
Մերթ սաղմոսներ ծփծփալով, մերթ վէպեր,
Ո՜Վ Հայ լեզուս իմ պաշտելի, ողջո՜յն քեզ:

Դուն թրթռացիր անտառներու սօսիներուն տակ ըստէպ,
Հայ աշուղին քնարին պարծանք եղար վէս.
Հիմա կÿերգես զաւակներուդ նժդեհ կեանքը
երաշխէպ,
Քերթողներու անմահ բարբառ, բիւ՜ր փառք քեզ:

Օրհնեա՜լ ըլլան մեր հայրերը,
որոնք թէեւ ցիր ու ցան,
Մութ օրերուն՝ մոլորած չոր շիւղին պէս,
Մոռցան իրենց տունն ու տեղը,
զաւակներնին ուրացան,
Իրենց անձն ալ, բայց չըմոռցան երբեք քեզ:

Քու բառերէդ՝ արեւէն վառ ու բիւրեղէն վճիտ
Իմ հոգւոյս մէջ բոց մը կաթեց մշտակէզ,
Հուր ծարաւը անհունութեան, բարւոյն, մեծին ճըշմարիտ.
Ո՜վ մանկութեանս ազնիւ լեզուն, կÿօրհնե՛մ քեզ:

Օրհնեա՜լ ըլլան մեր մայրերը, որոնք զքեզ սնուցին
Իրենց շունչովն ու աղօթքով սրտակէզ,
Խարխուլ, փլած կտուրին տակ,
կարօտ՝ պատառ հացին,
Գուրգուրանքո՜վ պահպանեցին միշտ ըզքեզ:

Թող որ ե՛ս ալ, յետին զաւակն հայրենիքիս
իմ թշուառ,
Սուրբ տաճարիդ ոտքը բերեմ ողջակէզ՝
Միշտ տառապած, երբեք շիջած սրտէս կայծ մը խանդավառ,
Հոգւով պաշտեմ ու քնարովս օրհնեմ քեզ:

Ն.