Սեպտեմբերի վերջին եւ Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, 95 տարի առաջ, Առաջին Աշխարհամարտի բախտորոշ այն փուլին, երբ Փետրուար 1917ի համառուսական մեծ յեղափոխութեան հետեւանքով աշխարհաքաղաքական քաոսի մատնուած էր ամբողջ Կովկասը, Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ Արեւելահայոց Առաջին Համագումարը։

Սեպտեմբեր 28ի այս օրուան կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը 19րդ դարու հայոց Զարթօնքին ականաւոր դէմքերէն Նահապետ Ռուսինեանի, որ ազգային-հասարակական իր բեղուն գործունէութեամբ, արեւմտահայ աշխարհաբարի մշակման ու յղկման իր մեծ վաստակով եւ, մանաւա՛նդ, իր կտակած «Կիլիկիա» քերթուածով՝ անմահացաւ հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութեան մէջ։

Երէկ՝ Սեպտեմբեր 26ին, ծննդեան տարեդարձն էր Գուրգէն Մարգարեանի, որ վերջին նահատակը եղաւ հայ ժողովուրդին դէմ շարունակուող համա-թրքական հայատեացութեան։

Սեպտեմբեր 26ին կը լրանայ ծննդեան 140ամեակը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամէնէն հոգեհարազատին‘ Հայու Հոգին երգ ու երաժշտութեամբ վերծանած ու աշխարհով մէկ հնչեցուցած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին։

Սեպտեմբեր 25ի այս օրը, 68 տարի առաջ, Երեւանի մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք ծնունդներէն Մանուկ Աբեղեան, որ բառին ամէնէն ընդգրկուն իմաստով արժանի պիտի մնայ հայոց սերունդներու երախտագիտութեան՝ հայ գրականագիտութեան, բանասիրութեան եւ լեզուաբանութեան բնագաւառներուն մէջ իր կատարած գիտական բազմավաստակ ներդրումին համար։