Սեպտեմբեր 14-15ի այս օրերուն, 94 տարի առաջ, Անդրկովկասի հարաւ-արեւելեան ամբողջ տարածքին վրայ, հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէր համաթրքական շարժումի հայակուլ յորձանքին օրհասական վտանգը։

13 Սեպտեմբերի այս օրը կը լրանայ մահուան 99րդ տարելիցը արեւմտահայ գրականութեան վաղաժամ կորուստներէն Առանձարի։
Աւազանի անունով Միսաք Գույումճեան հայ գրականութեան անդաստանին մէջ իր համեստ անկիւնը ստեղծեց՝ Առանձար գրչանունով, որ վերցուած էր հայոց պատմութենէն, Ամատունի նախարարական տոհմէն, Զարեւանդի ճակատամարտին հռչակուած Առանձար Ամատունիէն։

12 Սեպտեմբերին կը նշենք ծննդեան 142րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր արուեստագէտներէն Եղիշէ Թադեւոսեանի, որ խորապէս արտայայտչական իր կտաւներով ինքնուրոյն դէմք մը կը հանդիսանայ հայկական գեղանկարչութեան մէջ։

11 Սեպտեմբեր 2001ի Նիւ Եորքի աննախընթաց ահաբեկչութեան 11րդ տարելիցն է այսօր։
Դժուար թէ գտնուի ընթերցող մը, որ յիշեցման կարիքը զգայ‘ Համաշխարհային Առեւտուրի Կազմակերպութեան կեդրոնատեղի, երկնաքեր զոյգ աշտարակներուն դէմ 8 տարի առաջ գործուած ահաբեկչական յարձակման մանրասնութիւններուն վերաբերեալ։

57 տարի առաջ, 6 եւ 7 Սեպտեմբերին, թրքական այլամերժութեան, հիւանդագին ազգայնամոլութեան եւ բարբարոսական վայրագութեան ահաւոր «խրախճանք» մը կազմակերպուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ փողոցներուն մէջ։