Երէկ՝ Սեպտեմբեր 26ին, ծննդեան տարեդարձն էր Գուրգէն Մարգարեանի, որ վերջին նահատակը եղաւ հայ ժողովուրդին դէմ շարունակուող համա-թրքական հայատեացութեան։


Երէկ նոր 34 տարեկան պիտի ըլլար Հայկական Բանակի խոստմնալից սպան, եթէ ութ տարի առաջ՝ 19 Փետրուար 2004ին, Պուտափեշտի մէջ կացինահար չսպաննուէր Ատրպէյճանեան Բանակի սպաներէն՝ հայասպան Րամիլ Սաֆարովին կողմէ։
Վերջին ամսուան ընթացքին շատ գրուեցաւ Սաֆարովեան ամօթալի գործարքին մասին։ Օգոստոսի 30ին, Հունգարիոյ իշխանութիւնները որոշեցին Ատրպէյճանին արտայանձնել Պուտափեշտի մէջ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ազերի մարդասպանը։ Սաֆարով իր գործած քստմնելի ոճիրին համար երբեք զղջում չարտայայտեց, ոչ ալ ամչցաւ յոխորտալու, թէ ազգային ատելութենէ մղուած կացնահարած էր հայ սպան, անոր քնացած պահուն։
Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց կարգին, թէ՛ Սաֆարովի դատավարութեան ժամանակ եւ թէ այնուհետեւ, ոչ միայն «արդարացի» նկատեցին սոսկ հակահայ ատելավառութենէ թելադրուած մարդասպանութիւնը, ոչ միայն առաջին իսկ օրէն «ազգային հերոս» հռչակեցին Սաֆարովը, այլեւ՝ Թուրքիոյ իշխանութեանց հետ գործակցաբար ձեռնարկեցին դիւանագիտական եւ միջ-պետական երկարատեւ բանակցութեանց, որպէսզի ի հարկին Հունգարիոյ իշխանութիւնները կաշառելով՝ ապահովեն արտայանձնումը հայասպան ոճրագործին։
Այդ պատճառով ալ պիղատոսեան կեղծիքէ մը անդին չ'անցնիր հունգար իշխանութեանց ա՛յն չքմեղանքը, թէ Սաֆարովի արտայանձնումը 1) համապատասխան էր միջազգային օրէնքով ու գործարկումով նախատեսուած ցկեանս բանտարկեալները իրենց հպատակութեան երկրին յանձնելու եւ դատավճիռը հոն կրելու «օրինական» վարքագծին։ 2) Հունգար իշխանութիւններուն համար, իբր թէ, անակնկալ էր ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Սաֆարովը անմիջապէս ներման արժանացնելու, ազատ արձակելու եւ ազգային հերոսի պէս մեծարելու Իլհամ Ալիեւի անընդունելի քայլը։
Տակաւին մինչեւ այսօր հայ ժողովուրդը, աշխարհի չորս ծագերուն, կը շարունակէ բողոքի բուռն ցոյցերով ու քաղաքական լայնածաւալ ճնշումի նախաձեռնութիւններով պահանջել սրբագրումը Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած աններելի այս գործարքին։ Բայց միջազգային քաղաքական կեանքը երկու չափ, երկու կշիռով ղեկավարող մեծապետական ուժերը, ըստ երեւոյթին, դեռ բաւականաչափ շահագրգռուած չեն, որպէսզի Ալիեւին ստիպեն յարգելու միջազգային օրէնքն ու Իրաւունքի եւ Արդարութեան պաշտպանութեան հիմնարար արժէքները։
Անտառի օրէնքով առաջնորդուող նման աշխարհի մը դէմ էին ուղղուած, նաեւ, հայոց նահատակին՝ Հայկական Բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանի ծննդեան տարեդարձին առիթով երէկ, Երեւանի մէջ թէ այլուր, տեղի ունեցած ոգեկոչումի երթերն ու բողոքի քայլերը։
Գուրգէն Մարգարեան ծնած էր Երեւան՝ 26 Սեպտեմբեր 1978ին։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած էր Երեւանի թիւ 122 դպրոցին մէջ։ Այնուհետեւ ընդունուած էր Երեւանի Պետական Ճարտարագիտական (Engineering) Համալսարանը, աւարտած էր զայն եւ զօրակոչուած բանակ, որուն եւ միացաւ իբրեւ նորագիր սպայ՝ զօրակոչման շրջանի աւարտէն ետք։
ՆԱԹՕի հետ գործակցութեան ծրագիրներու հետեւող Հայկական Բանակի յանձնարարութեամբ, Գուրգէն Մարգարեան 11 Յունուար 2004ին ղրկուեցաւ Հունգարիա՝ Պուտափեշտ, ՆԱԹՕի նախաձեռնած անգլերէն լեզուի վարժեցման եռամսեայ ծրագրի մը մասնակցելու համար։ Բազմազգեան սպայական կազմի մը համար նախատեսուած այդ վարժեցման ծրագրի օրերուն էր, 19 Փետրուար 2004ին, որ Գուրգէն Մարգարեան զոհ գնաց Սաֆարովի հայասպանական քստմնելի ոճրագործութեան։
Գուրգէն Մարգարեանի կացնահար սպաննուած մարմինը օրին բերուեցաւ Երեւան եւ թաղուեցաւ Երեւանի Զինուորական գերեզմանատան մէջ։
Հայ ժողովուրդը արդարութեան վերականգնումը տակաւին պարտք է իր նահատակ սպային։

Ն.

Գուրգէն Մարգարեանի ծննդեան օրը երթ՝ դէպի Եռաբլուր
 
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի պետական համալսարանի «Երիտասարդ համալսարանականների միաւորում» հասարակական կազմակերպութիւնը 26 Սեպտեմբերին՝ Գուրգէն Մարգարեանի ծննդեան օրը, երթ  կատարեց դէպի Եռաբլուր՝ ի յիշատակ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի: Երթը սկսաւ  ժամը 12:30ին Եռաբլուրի վարի բաժինէն եւ մասնակիցները ուղղուեցան եկեղեցի, ապա Գուրգէն Մարգարեանի շիրիմը  այցելեցին: «Գուրգէն Մարգարեան» հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացող այս երթին աւարտին խօսքեր արտասանուեցան, ի յիշատակ՝ հայ սպային: