98 տարի առաջ, 1914ի Նոյեմբեր 5ի այս օրը, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեցին Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, որուն իթթիհատական կառավարութիւնը արդէն մտած էր Առաջին Աշխարհամարտին մէջ՝ Գերմանիոյ եւ անոր զինակից Կեդրոնի ուժերուն շարքին դիրք բռնելով։

Հայ ժողովուրդի անմահներու համաստեղութեան մէջ, ազգային Զարթօնքի ու Ազատագրութեան լոյսը միշտ վառ պահող մեծ աստղն է Միքայէլ Նալբանդեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք Նոյեմբեր 2ի այս օրը (Նոր Տոմարով՝ Նոյեմբեր 14ին)։

Այսօր՝ Նոյեմբեր 1ին, 101 տարեկան պիտի ըլլար ֆրանսական եւ, ինչու ոչ, միջազգային գրականութեան հայազգի հսկաներէն Անրի Թրուայա, որ տակաւին հինգ տարի առաջ, մինչեւ 2 Մարտ 2007ին ծերունազարդ, 96 տարիքի մէջ իր վախճանումը, անխոնջ կը շարունակէր ստեղծագործել՝ աւելի քան հարիւր մեծածաւալ ու բարձրարժէք հատորներ հաշուող իր գրական հարստութիւնը ճոխացնելով եւ միլիոնաւոր իր երկրպագուներու հիացմունքին արժանանալով։

Հոկտեմբեր 31ին կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը գեղանկարչական բացառիկ տաղանդով օժտուած եւ միջազգային համբաւի տիրացած արուեստի աշխարհի հայ վարպետի մը՝ Էտկար Շահինի, որ իր գործով բարձունք մը նուաճեց հայկական գծանկարչութեան ու յատկապէս փորագրական գեղանկարչութեան մէջ։

Հոկտեմբեր 30ի այս օրը, 92 տարի առաջ, Հայաստանի 2,5ամեայ Հանրապետութեան արեւելեան դարպասներէն Կարսի բերդաքաղաքը, գրեթէ առաց դիմադրութեան, ինկաւ Թուրքիոյ քեմալական զօրքերու գրոհին տակ։
Մինչեւ մեր օրերը կը շարունակուի հայ քաղաքական մտքին ներքին, բուռն եւ մշտաբորբոք բանավէճը Կարսի անկումին պատճառներու պարզաբանման ու ախտորոշման շուրջ։