Հոկտեմբեր 2ի այս օրը, 111 տարի առաջ, Ատանայի մէջ եւ Տիգրան Ալթունեանի ընտանեկան համեստ յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ շնորհազարդ հայ մանուկ մը, որուն մկրտեցին հայոց առասպելական հերոսին անունով՝ Թաթուլ։


Հայ ժողովուրդի փառքի եւ ողբերգութեան դարձակէտային այդ ժամանակաշրջանին, Կիլիկիոյ հայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող Ատանա քաղաքին մէջ աչքերը բացած Թաթուլ Ալթունեանը, հայոց դաժան ճակատագրին հետեւանքով, երկար չապրեցաւ բնական գեղեցկութեամբ յատկորոշուող իր ծննդավայրին մէջ։ Մանուկ տարիքին ճաշակեց դառն բաժակը 1909ի Կիլիկիոյ Աղէտին, իսկ 1915ին արդէն 14ամեայ պատանի՝ Թաթուլ Ալթունեան անձամբ ապրեցաւ արհաւիրքը Մեծ Եղեռնին՝ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան հետեւանքով տեղահանութեան ու սպանդի, արեան ու սուգի ճանապարհներ կտրելով, մինչեւ որ հայոց մեծ խաչելութենէն մազապուրծ իջեւանի Երեւան։
Թաթուլ Ալթունեան ի վերուստ օժտուած էր երաժշտական տաղանդով եւ Երեւանը գաղթական հայ պատանիին տուաւ հնարաւորութիւնը լիովին զարգացնելու թէ՛ երաժիշտի ու խմբավարի իր ընդունակութիւնները, թէ՛ հայոց երգ ու պարի առինքնող աշխարհին խորաթափանց ճանաչողութիւնը եւ ազգային-ժողովրդական շունչով ստեղծագործելու տաղանդը։
1928ին աւարտեց Երեւանի, իսկ 1934ին՝ Լենինկրատի (այժմ՝ վերստին Սան Փեթերսպուրկ անուանակոչուած) երաժշտանոցներ: 1934էն իսկ սկսաւ դասաւանդել Երեւանի երաժշտանոցին մէջ:
Թ. Ալթունեան 1935էն մինչեւ 1949 թուականը, տարբեր տարիներու, ստանձնեց ղեկավարութիւնը Երեւանի երաժշտանոցին եւ Հայաստանի պետական երգչախումբերը։ Իսկ 1938էն մինչեւ 1970 տեւաբար ղեկավարեց Հայկական Ժողովրդական Երգի-Պարի Համոյթը (Անսամպլը, որ իր մահէն տարի մը ետք՝ 1974ին, պաշտօնապէս կոչուեցաւ Թաթուլ Ալթունեանի անունով)։
Թաթուլ Ալթունեան 1958էն մինչեւ 1973 վարեց նախագահութիւնը Հայաստանի Երգչախմբային Ընկերութեան, իսկ 1966-69ին միաժամանակ ղեկավարեց Ընկերութեան Երգչախումբը:
Այդպէ՛ս, շուրջ քառասուն տարի, Թաթուլ Ալթունեանի ղեկավարութեան տակ, հայ թէ օտար բեմերու վրայ, Խորհրդային կողմն աշխարհի թէ երկրագունդի ողջ տարածքին, ինքնատիպ մեկնաբանութեամբ հնչեցին ու լայն ժողովրդականութեան արժանացան Կոմիտասի «Գարուն»ը, «Կալի երգը», «Սոնա եար»ը, «Լօ, լօ»ն, «Անձրեւն եկաւ»ը, «Քաղհան»ը, նոյնպէս՝ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի «Գացէք, տեսէք»ը, «Զինչ ու զինչ»ը, Սպիրիդոն Մելիքեանի «Թխկոնդա», «Պիլիբի» երգերը, հայկական ժողովրդական երգերու բազում մշակումներ, հայկական, ռուսական, արեւմտաեւրոպական խմբերգային ստեղծագործութիւններ։
Թաթուլ Ալթունեանի գեղարուեստական մեծ տաղանդին անմահ վկաներն են ինքնատիպ ոճով իր մշակումները ոչ միայն Կոմիտասի եւ Ս. Մելիքեանի, այլեւ իր իսկ կողմէ ձայնագրուած գուսանական եւ ժողովրդական երգերուն ու պարեղանակներուն, ինչպիսին են «Հոյ, իմ Նազանի եարը», «Նուբար, Նուբար»ը, «Եաման Եար»ը, «Հոպինա»ն, «Խամբաջի»ն, «Քա, դէ եսիմ»ը եւայլն:
Թաթուլ Ալթունեան հեղինակն է նաեւ մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս հանդիսատեսին կողմէ այնքա՜ն սիրուած «Սեւանի», «Նազելի», «Նազպար», «Արտաշատի» եւ այլ պարեղանակներուն:
Երգի-Պարի Համոյթի գեղարուեստական շրջապտոյտներով, երկար տարիներ եւ բազում անգամներ, Թաթուլ Ալթունեան գտնուեցաւ Սփիւռքի գրեթէ բոլոր հայօճախներուն մէջ եւ մեծապէս նպաստեց տեղական երգի-պարի կամաւոր ու սիրողական խումբերուն կատարողական վարպետութեան բարձրացումին։ Մեծ վարպետին անունով կոչուեցան Գահիրէի, Պուէնոս Այրէսի եւ այլ գաղութներու հայկական երգի-պարի համոյթները։
Մեծատաղանդ խմբավարին, երաժշտական ուսուցիչին եւ Հայաստանի Պետական Երգչախումբին ու Հայկական Ժողովրդական Երգի-Պարի Համոյթին վաստակաշատ հիմնադիրին ծննդեան 111ամեակին նուիրուած այս ամփոփ յարգանքի տուրքը եզրափակելու համար, յատուկ կարեւորութեամբ կ'արժէ շեշտել, որ Թաթուլ Ալթունեան նաե՛ւ պատգամի տէր Հայը եղաւ, որ միշտ վառ պահեց անհուն բարութիւնը մեր ժողովուրդին՝ ծանրագոյն հարուածներէ վերապրելու եւ մարդուն ու աշխարհին նկատմամբ իր բարի հաւատքը չկորսնցնելու Հայու ազգային հրաշազօր լաւատեսութեան:
Ինչպէս որ առիթով մը Թաթուլ Ալթունեան ինք պատգամած է՝
«Երբեմն մի պտղունց բարութեամբ կարելի է չարութեան մի բլուր փլեցնել»։

Ն.