Հայ ժողովուրդի հերոսական ծնունդներու անմոռանալի փաղանգին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Միսաք Թորլաքեան, որուն մահուան 44րդ տարելիցն է այսօր։
12 Նոյեմբեր 1968ին, Քալիֆորնիոյ մէջ, ութսուն տարեկան հասակին, առյաւէտ փակուեցան ցաւատանջ աչքերը Ազգային Հերոսին։

Նոյեմբերի այս օրը, 111 տարի առաջ, Վենետիկի մէջ, ծերունազարդ տարիքին վախճանեցաւ հայ գրականութեան վեհաշուք «Նահապետ»ը՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշան։
9 Նոյեմբեր 1901ին հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը կորսնցուցին հայ մտքի եւ գրականութեան հսկաներէն «Մեծ Ալիշանը», ինչպէս որ մահուան առիթով զինք անուանած էր Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը՝ շեշտելով, որ հայոց «Նահապետ»ը «կրօնք մ'ունէր՝ Հայաստանը, եւ իտէալ մը՝ անոր ազատութիւնը եւ փառքը»։

Այս օրուան՝ Նոյեմբեր 8ին կը զուգադիպի ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան ամէնէն հոգեհարազատ ու սրտամօտ դէմքերէն Ռափայէլ Պատկանեանի, որ իր Գամառ Քաթիպա գրչանունով անմահացաւ հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ։

Նոյեմբեր 7ի այս օրը, 301 տարի առաջ, Աստրախանի մէջ, 52 տարեկանին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի բացառիկ դէմքերէն Իսրայէլ Օրի։
Սիւնեաց աշխարհի արժանաւոր այս զաւակը իրաւամբ հանդիսացաւ արդի ժամանակներու հասկացողութեամբ Հայ Դատի քաղաքական պայքարին ռահվիրան։

Հայ մշակոյթի պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ իրենց լուսաշող տեղը ունին ոչ միայն ստեղծագործ մեր տաղանդներն ու հանճարեղ ծնունդները, այլ նաեւ հայկեան հանճարին երկնած արժէքները կորուստէ փրկող, հաւաքող, ուսումնասիրող, արժեւորող եւ մեր ժողովուրդին մատչելի ու սիրելի դարձնող երախտաւորները։