Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան զոհերէն է նահատակ գրող Արտաշէս Յարութիւնեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը զուգադիպի այսօրուան՝ Հոկտեմբեր 3ին։


Հայ մտաւորականութեան արժանաւոր այս ներկայացուցիչը հազիւ 42 տարեկան էր, երբ եղեռնագործ թուրքը արեան մէջ խեղդեց անոր գեղեցիկ խօսքի եւ խորազգած խոկումի տաղանդաւոր ձայնը։ Արտաշէս Յարութիւնեան օժտուած էր իր ներաշխարհը՝ յոյզերն ու խոհերը ամենայն պարզութեամբ եւ գեղեցկութեամբ ընթերցողին առջեւ բանալու բնատուր ձիրքով, ինչպէս որ կը հաստատէ, օրինակի համար, «Կարօտներս» խորագրով 1912ին գրուած իր բանաստեղծութիւնը.

Հոգւոյս խորը կարօտներ կան՝
Որ կը քանդեն զիս օրէ օր,
Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն՝
Մոմին ճերմակ մարմինն աղուո՜ր։

Կարօտներ կան խորը մըտքիս,
Որ անդադար զայն կը փորեն.
Լա՛ւ, ի՞նչ է վերջն այս ցաւերուն,
Լուռ՝ կը խորհիմ ես ինքնիրեն։

Ու կը լայննա՜յ վէրքը տակաւ
Չըդարմանուած կարօտներուն.
Ո՛չ ո՛ք գիտէ զանոնք, - ի՜նչ փոյթ,
Ես դագաղն եմ այդ ցաւերուն։

Չընչի՞ն ցաւեր. է՜, ո՜վ գիտէ.
Խորհուրդներն են անոնք հոգւոյս.
Մեծ երազներ եւ իղձեր վառ՝
Կը մարին խորն այդ ցաւերուս։

Ու կարօտներն իմ մեծամոլ
Կը սպառեն զիս մինչեւ ըզմահ,
Ինչպէս բոցի կարմիր լեզուն՝
Մոմին մաքուր մարմի՜նն աղուոր։

Արտաշէս Յարութիւնեան ծնած էր 139 տարի առաջ, Ռոտոսթոյի մերձակայ Մալկարայի մէջ։ Հայ գիւղի հարազատ ծնունդ էր ան, որ հայոց հողին բոյրն ու գոյնը, լոյսն ու շաղը, համն ու յագեցնող ջուրը ամբողջապէս իւրացուցած էր եւ դարձուցած իր մտքին ու հոգիին կենսախինդ շաղախը։
Արտաշէս Յարութիւնեան եղաւ 1900ականներու գեղապաշտ սերունդին եւ անոր նուաճած Հայաստանեա՛ն Գրականութեան բարձրաճակատ դրօշակիրներէն, որ, ճիշդ է, եթէ չկրցաւ ճառագայթող աստղ մը դառնալ իր մշակած քերթողութեան կամ գրական- քննադատութեան մէջ, բայց անվիճելիօրէն կրցաւ գեղարուեստական շքեղութեան հասցնել հայոց աշխարհաբարը։
Արտաշէս Յարութիւնեան գրեթէ ամբողջ կեանքը ապրեցաւ իր ծննդավայրին մէջ, թէեւ վաղաժամ պոկեցին անոր կեանքին թելը։ Հնարաւորութիւն չունեցաւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու, որովհետեւ                 ստիպուեցաւ կանուխ տարիքէն կեանքի ասպարէզ նետուիլ եւ ապրուստը ապահովել։ Բայց իր ծննդավայրի միջնակարգ դպրոցէն ստացած ուսումը եւ ֆրանսերէնի իմացութիւնը ինքնաշխատութեամբ այնքան զարգացուց, որ կրցաւ ոչ միայն ֆրանսական գրականութեան նորաշունչ հոսանքներուն մօտէն հետեւիլ եւ քայլ պահել իր ժամանակին հետ, այլեւ՝ համապատասխան նորարարական շունչ բերել քսաներորդ դարասկիզբի հայ գրականութեան։
Իբրեւ բանաստեղծ մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս։ 1890ականներուն լոյս տեսան անոր «Լքուած Քնար» եւ «Երկունք» բանաստեղծական ժողովածուները, որոնք այնքան ալ չգրաւեցին ընթերցողին ուշադրութիւնը։ Լեզուական գեղեցկութեամբ, խոհական պատկերներով եւ արուեստագէտի ճոխ երանգապնակով յատկանշուող ոտանաւորներ էին, որոնց սակայն կը պակսէր բանաստեղծական թռիչքն ու իրա՛ւ յուզականութիւնը։ Գրականագիտական եւ գեղարուեստական բարձրորակ մշակոյթի տէր գրողի մը առկայութեան մասին վկայելով հանդերձ, այդ քերթուածներուն կը պակսէր սակայն իրա՛ւ  բանաստեղծի  դրոշմը, շո՛ւնչը։ Պէտք եղաւ որ ան կտրէ հասունացման տասնամեայ ուղի մը, որպէսզի 1910ին իր լոյս ընծայած բանաստեղծական երրորդ հատորով՝ «Նոր Քնար»ով, Արտաշէս Յարութիւնեան հայ գրականութեան ընծայէ ուշագրաւ քանի մը գործեր, որոնք զինք արժանացուցին նահատակ մեր գրողներու կրտսեր արժանաւորներու պատուանդանին։
1895-96ի համիտեան կոտորածները ոչ միայն ֆիզիքապէս խոցեցին հայ ժողովուրդը, այլեւ մեծապէս ամայացուցին հայ գրական հրապարակը։ Տաղանդաւոր մեր գրողներէն շատեր կա՛մ բրտօրէն Պոլսէն հեռացուեցան, կա՛մ ապաստանեցան եւրոպական ափեր՝ ազատ ոստաններ փնտռելով  իրենց ստեղծագործական աշխատանքը շարունակելու համար։ Ամայութիւնը «լեցնելու» ելան ընդհանրապէս անորակ եւ սուլթանին ծառայամիտ գրողներ։ Նոյն այդ մթնոլորտին մէջ, սակայն, ի յայտ եկան նաեւ նորարար ձայներ, որոնց շարքին՝ Պոլսոյ «Հայրենիք» օրաթերթի էջերուն գրականագիտական եւ ազգային¬մշակութային ընդգրկուն յօդոածներ լոյս ընծայող Մալկարացի այս երիտասարդը։ Արեւմտահայ արձակի իրենց բարձրորակ մշակումով եւ դարաշըրջանի ամէնէն յառաջապահ շարժումներու արձագանգով՝ Արտաշէս Յարութիւնեանի հրապարակումները անմիջապէս գրաւեցին ընթերցող հասարակութեան ուշադրութիւնը։ Աւելի՛ն. իր ստորագրած նիւթերը Պոլսոյ գրական ամայացած հրապարակը լեցուցին եւ ջերմացուցին Հայաստանեան Գրականութեան կրակը արծարծող վերլուծումներով, խորհրդածութիւններով եւ գրախօսականներով։
Իբրեւ այդպիսին՝ Արտաշէս Յարութիւնեան մինչեւ 1908ի Սահմանադրութեան հռչակումը բառին լաւագոյն իմաստով տեղապահի դեր կատարեց արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Նորահաս գրողներուն եւ ընթերցող հասարակութեան միջեւ կամուրջի դեր ստանձնեց։ Եւրոպական մտքի եւ գրական շարժումներուն առջեւ փակուած լուսամուտները ետ բացաւ՝ յատուկ ճիգ թափելով, որպէսզի Հայաստանեան Գրականութեան պատուաստումին ծառայեն այդ ներարկումները։ Բայց մանաւանդ ներքին գաւառներու հայութեան ձայնը լսելի դարձուց հետեւողականօրէն‘ հայրենի հողն ու տոհմիկ աւանդութիւնները հաղորդական եւ սիրելի ընծայելով օսմանեան մայրաքաղաքի հայութեան։
Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ արեւմտահայ գրականութեան գեղապաշտ սերունդը իր փառքերի օրերը ապրեցաւ, երբ «Մենք»ն ու «Մեհեան»ը, «Նաւասարդ»ն ու «Ազատամարտ»ը նոր ու լայն հորիզոններու բացին հայ գրականութիւնն ու ընդհանրապէս Հայ Միտքը, Արտաշէս Յարութիւնեան աշխոյժ մասնակիցն ու յառաջապահ դրօշակիրը մնաց վերազարթնումի եւ վերանորոգման այդ բոլոր շարժումներուն։
1913ին վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պոլիս՝ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու համար գրական հրապարակի աշխուժացման։
Բայց հասունացման իր տարերքին հասած Արտաշէս Յարութիւնեանի երթը յանկարծ խափանուեցաւ 1915ի Ապրիլ 24ին, երբ մեր հոգեմտաւոր ամբողջ սերուցքը բրտօրէն ձերբակալուեցաւ, հաւաքաբար աքսորուեցաւ եւ թրքական վայրագութեան ու գազանութեան «խրախճանքներ»ու մէջ նահատակուեցաւ։
Արտաշէս Յարութիւնեան իր ուրոյն տեղը նուաճեց հայ գրականութեան մէջ։ Խիտ ու պատկերաւոր, խոհուն եւ գեղեցիկ իր աշխարհաբարով ու իմացական զեղումներով‘ ան ուղի հարթեց հայ գրականութիւնը ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ իր ակունքներով ու աւանդներով վերանորոգելու եւ արդիականացնելու շարժումին առջեւ։

Ն.