Սեպտեմբեր  1922ին  Քեմալական  զօրքը  գրաւեց  ու  հրոյ ճարակ  դարձուց  Զմիւռնիան՝  հարիւր  հազարաւոր  յոյն եւ  հայ  կոտորելով,  հրդեհէն  փախչողները  ծովամոյն ընելով,  իսկ ողջ  մնացողները  քաղաքէն  վտարելով

6 Սեպտեմբերը ծննդեան տարեդարձն է ինքնատիպ հայ հոգեւորականի մը՝ Խորէն Արքեպիսկոպոս Գալֆայեանի, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նարպէյ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի շնորհալի, այլեւ վիճայարոյց տաղանդաւորի մը։

Սեպտեմբերի այս օրերուն (4էն 7), 89 տարի առաջ, Հայասէրներու Միջազգային Լիկան պատմական համագումար մը ունեցաւ Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա), հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան զոհերուն՝ վերապրող բիւրաւոր հայ գաղթականներուն տէր կանգնելու հիմնական օրակարգով։

Սեպտեմբեր 4ը իւրայատուկ նշանակութեամբ Օր մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական տօնացոյցին մէջ։
2008 թուականի Սեպտեմբեր 4ին, Հ.Հ. կառավարութեան թիւ 1008 որոշումով, Հայաստանի պետական տօներու շարքին աւելցաւ «Փրկարարի Օր»ը, որ նուիրուած էր աղէտահար գօտիներու եւ անոնց վտանգուած մարդոց օգնութեան հասնող ու, սեփական կեանքը վտանգելու գնով, փրկարարական աշխատանքներ իրագործող զինուորագրեալներու։

2 Սեպտեմբերը, 21 տարի առաջ, ուղի լուսաւորող թուական մը նուիրագործեց հայոց պատմութեան մէջ, երբ Արցախի քաջարի հայութիւնը հռչակեց իր անկախութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմը դնելով։

Հայոց նորագոյն պատմութեան անիւը շրջուեցաւ յանդուգն այդ քայլով, որ վերջ տուաւ Արցախի տասնամեակներու գերեվարման եւ սրբագրեց Ստալինի բռնակալ ձեռքով ու «օրհնութեամբ», 1921-1923 թուականներուն, հայ ժողովուրդին դէմ գործուած աղաղակող անարդարութիւնը։