Խանասորի Արշաւանքին փոխ-հրամանատար Իշխանն էր ան, որուն արութեան գործը հայ աշուղները անմահացուցին Հայկական Ազատամարտի ամէնէն դիցազնական այդ գործողութեան նուիրուած ժողովրդական ու ազգային-հայրենասիրական սիրուած երգով, իրերայաջորդ սերունդներուն աւանդելով «Աջից՝ Վարդանը, ձախից՝ Իշխանը» փառաբանող հերոսապատումը։

Թարգմանչաց  Շարժման  խորհուրդն ու  կարեւորութիւնը
հայկական  ինքնութեան  բիւրեղացման  մէջ

Հոկտեմբեր ամսու երկրորդ Շաբաթ օրը Հայաստանեայց Եկեղեցին նուիրած է Սրբոց Թարգմանչաց տօնին։
Հայկական տօներու ժամանակացոյցով՝ Թարգմանչաց տօնը 2012ին կը զուգադիպի Հոկտեմբեր 13ին։

Հոկտեմբեր 11ի այս օրը, 149 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ կեանքի կոչուեցաւ Ազգային Ուսումնական Ժողով անունով եւ ատենի հայ մտաւորականութեան հեղինակաւոր, այլեւ երիտասարդ դէմքերէն բաղկացած մարմին մը, որուն կազմութիւնը նախատեսուած էր 1860ին մշակուած եւ միայն 1862ին Սուլթանի կառավարութեան կողմէ հաստատուած Հայոց Ազգային Սահմանադրութեամբ։

10 Հոկտեմբերի այս օրը, 107 տարի առաջ, հայոց հինաւուրց ոստան Շուշիի մէջ, լոյս աշխարհ եկաւ Մելիք-Փաշայեան տոհմէն արու զաւակ մը, որ կնքուեցաւ Ալեքսանդր անունով եւ, իր երաժշտական ղեկավարի բացառիկ տաղանդով, հայազգի փայլքով զարդարեց քսաներորդ դարու արուեստի երկնակամարը։

9 Հոկտեմբերին, 164 տարի առաջ, հայոց աշխարհը բախտաւորուեցաւ ծնունդովը Մկրտիչ Փորթուգալեանի, որ ճակատագրուած էր՝ իր յեղափոխական գաղափարներով ու անսակարկ անձնուիրումի օրինակով՝ մեծ ներդրում ունենալու հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծումին մէջ։