- Details
- Category: Յուշատետր
Երէկ՝ Հոկտեմբեր 28ին, լրացաւ 742րդ տարելիցը Կիլիկիոյ հայոց Հեթում Ա. թագաւորի վախճանումին։
Հեթում Առաջին եզակի տեղ կը գրաւէ հայոց պատմութեան մեծամեծներու շարքին իբրեւ հիմնադիրը Հեթումեաններու թագաւորութեան։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հոկտեմբեր 27ի օրը, 99 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ, դէպի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ»ի խմբագրատուն ամէնօրեայ իր քալելու ընթացքին, 47 տարեկանին սրտէն կաթուածահար ինկաւ Սիմոն Զաւարեան։
- Details
- Category: Յուշատետր
Այս տարի լրացաւ ծննդեան 175ամեակը մեր ժողովուրդի ճառագայթող մեծութիւններէն Ներսէս Արք. Վարժապետեանի, որ իբրեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք՝ նախակարապետը դարձաւ Հայկական Հարցի միջազգայնացումին եւ մեր ժողովուրդին հոգեմտաւոր կեանքը, 19րդ դարու 3րդ քառորդին, առաջնորդեց ու լուսաւորեց իր ազգային պայծառամտութեամբ, շնորհալի վաստակով եւ առինքնող անհատականութեամբ։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն առասպելական հերոսներէն է Աղբիւր Սերոբը, որ ճիշդ 113 տարի առաջ, 1899 թուականի 24 Հոկտեմբերի այս օրը, դաւադրաբար թունաւորուած հայ անունին անարժան դաւաճաններու կողմէ եւ շրջապատուած թուրք մեծաթիւ զօրքով, զէն ի ձեռին մինչեւ վերջին շունչ կռուեցաւ անարգ թշնամիին դէմ եւ... ինկաւ Ազատութեան Մեծ Երազի արիւնոտ ճանապարհին։
- Details
- Category: Յուշատետր
Հոկտեմբերի այս օրերուն, 37 տարի առաջ, ահաբեկչական իրերայաջորդ զոյգ գործողութիւններ ցնցեցին քաղաքական աշխարհը, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ Հայրենազրկումին շուրջ հաստատուած լռութեան պատը ճեղքեցին եւ ազդանշանը տուին Հայ Դատի ուժական պայքարին շղթայազերծման։