9 Հոկտեմբերին, 164 տարի առաջ, հայոց աշխարհը բախտաւորուեցաւ ծնունդովը Մկրտիչ Փորթուգալեանի, որ ճակատագրուած էր՝ իր յեղափոխական գաղափարներով ու անսակարկ անձնուիրումի օրինակով՝ մեծ ներդրում ունենալու հայ ազգային-ազատագրական շարժման շղթայազերծումին մէջ։


Թէեւ մասնաւորաբար հայ ազգային կուսակցութեանց նախակարապետին՝ Արմենական կուսակցութեան ստեղծումին կապուեցաւ իր անունը, այսուհանդերձ՝ Մկրտիչ Փորթուգալեան արժանացաւ ընդհանրապէս հայկական յեղափոխութեան յառաջապահ դրօշակիրըի պատուանդանին։
Յատկապէս Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդը ըստ արժանւոյն մեծարեց Մ. Փորթուգալեանի դերն ու նշանակութիւնը հայ երիտասարդութեան յեղափոխական զարթօնքին ոգեւորման մէջ։
Մկրտիչ Փորթուգալեան պոլսեցի էր, ծնած էր Գում Գաբու։ Հայրը սեղանաւոր մարդ էր, բայց ի տարբերութիւն ժամանակի սեղանաւորներու մեծ մասին՝ յատուկ հոգածութիւն ունէր հայ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ։ Պատանի Փորթուգալեանի ազգային-գաղափարական կազմաւորման մէջ վճռորոշ դեր ունեցաւ իր հօր գրադարանը։
Յաճախեց Գում Գաբուի Մայր վարժարանը, որ այդ շրջանին նաեւ իբրեւ ժողովատեղի կը ծառայէր Հայոց Ազգային Սահմանադրութիւնը մշակող Պատրիարքարանի յանձնաժողովներուն։ 1860ականներու Սահմանադրական եւ հակա-Սահմանադրական բուռն պայքարի օրերուն, Գում Գափուի Մայր վարժարանը ինկաւ Ամիրայական՝ հակա-Սահմանադրական շրջանակներուն ձեռքը եւ պատանի Փորթուգալեան, համակրանքով հակուած ըլլալով Սահմանադրականներուն կողմը, նախընտրեց իր դպրոցը փոխել եւ յաճախել Սահմանադրականներու ազդեցութեան տակ գտնուող Սամաթիոյ Սահակեան վարժարանը։
1859ին կորսնցուց հայրը, իսկ 1865ին՝ մայրը։ Որբացած՝ հազիւ Սահակեան վարժարանէն շրջանաւարտ, 1867ին նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ։ Կարճ ժամանակ մը գրավաճառ-թերթավաճառի մօտ աշխատեցաւ, բայց կ'ուզէր ուսուցչութեան նուիրուիլ։ Սկսաւ հարուստ հայերու զաւակներուն մասնաւոր դասեր տալ։ Եւ երբ Պոլիս ապրող եւդոկիացիները իրենց ծննդավայրի դպրոցին համար յարմար ուսուցիչ մը կը փնտռէին եւ իբրեւ այդպիսին մօտեցան Փորթուգալեանի, ան բնաւ չվարանեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Եւդոկիա Բայց Եւդոկիա ուղղակի աղայական մտայնութեանց բոյն էր եւ Մկրտիչ Փորթուգալեանի նման լուսամիտ ուսուցիչ մը շատ շուտով բախումի մէջ պիտի գտնուէր։ Այդպէս ալ եղաւ եւ Փորթուգալեանի ուսուցչական երկարամեայ ասպարէզը, առաջին այդ հանգրուանէն սկսեալ, յատկանշուեցաւ մէկ կողմէ               Փորթուգալեանի կատարած բարեկարգումներով, իսկ միւս կողմէ աղայական խաւերու կողմէ ծաւալած հալածանքով եւ կառավարութեան մօտ Փորթուգալեանի հասցէին, իրբեւ յեղափոխականի, կատարոած ամբաստանութիւններով։
Թէեւ այդ օրերուն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք ընտրուած Խրիմեան Հայրիկը ուղղակի իր հովանաւորութեան տակ առած էր անձնուէր ուսուչին, այսուհանդերձ՝ խաւարամիտ տարրին ճնշումը շատ ուժեղ էր եւ Փորթուգալեան կանչուեցաւ Պոլիս։
1874ին Խրիմեան հրաժարեցաւ Պատրիարքութենէն եւ Ներսէս Վարժապետեան յաջորդեց անոր։ Վարժապետեան Պատրիարք եւս դրական կարծիք ունէր երիտասարդ Փորթուգալեանի մասին, որ այդ օրերուն ստանձնեց «Ասիա» թերթին խմբագրութիւնը եւ սկսաւ բուռն պայքար մղել հայ պահպանողականութեան դէմ։ Դարձեալ ինկաւ հակահարուածի տակ եւ այն աստիճան, որ Ներսէս Վարժապետեան իր մօտ կանչեց եւ խորհուրդ տուաւ, որ աւելի զուսպ ըլլայ։ Բայց Փորթուգալեան գտած էր իր ուղին եւ անդրդուելի մնաց։ Պահպանողակններու պահանջին անսալով՝ կառավարութիւնը փակեց ինչպէս Փորթուգալեանի «Ասիա»ն, նոյնպէս եւ Պարոնեանի «Թատրոն»ը։
Փորթուգալեան վերջնականապէս յոյսը կտրեց Պոլիսէն եւ նախընտրեց երթալ գաւառները, ուր բուն ժողովուրդը կ'ապրէր՝ երկու կրակի մէջ ինկած. մէկ կողմէ օսմանեան կեղեքումները, իսկ միւս կողմէ պահպանողականներու ճնշումները անշնչելի կացութեան մատնած էին գաւառներու հայութիւնը, յատկապէս երիտասարդութիւնը։
Փորթուգալեան ամիսներ տեւող շրջագայութիւն մը կատարեց հայկական նահանգներուն մէջ։ Հասաւ մինչեւ Թիֆլիս՝ «Մշակ»ի խմբագիր Գրիգոր Արծրունիի հետ մօտէն ծանօթանալու եւ գործակցութեան հիմեր դնելու համար ի խնդիր երկրի տարածքին հայկական վարժարաններու բացման ու գաւառի հայ երիտասարդութեան ազգային¬յեղափոխական զարթօնքին։ Նոյն միջոցին եւ նոյն ճամբով էր, նաեւ, որ Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ Արփիար Արփիարեանի միջեւ սկսաւ սերտ գործակցութիւն մը։
Արծրունիի աջակցութիւնը ապահովելէ ետք, 1870ականներու վերջերուն, Փորթուգալեան հաստատուեցաւ Վան՝ իբրեւ տեղւոյն նորաբաց Վարժապետանոցի ուսուցիչ։ Շուրջ չորս տարի աննախընթաց ոգեւորութիւն առաջացնող գործ կատարեց Փորթուգալեան։ Այդ շրջանին Խրիմեան Հայրիկ իր կարգին վերադարձած էր Վարագայ վանք՝ կրթական ընդհանուր շարժման թափը ուժեղացնելով։ Նաեւ ռուս-թրքական պատերազմին եւ Պերլինի Դաշնագրին հետեւող եռեւեփումի ժամանակաշրջանն էր, ինչ որ Փորթուգալեանին առջեւ լայն բացած էր ազգային-ազատագրական պայքարի իր գաղափարները աւելի յանդուգն կերպով տարածելու ասպարէզը։
Փորթուգալեան բառին բուն իմաստով ոտքի հանեց Վանի երիտասարդութիւնը։ Թէեւ պահպանողական շրջանակներու կողմէ դարձեալ պետութեան մօտ ամբաստանուեցաւ իբրեւ յեղափոխական գաղափարներու քարոզիչի, այսուհանդերձ՝ Փորթուգալեան այլեւս տեղի տուողը չէր։ Նոյնիսկ երբ Վարժապետանոցը փակել տուին, Փորթուգալեան զօրակիցները գտաւ, որպէսզի անոնց օգնութեամբ իր սեփական դպրոցը՝ Վանի Կեդրոնականը հիմնէ եւ յաւելեալ խիզախութեամբ շարունակէ նորահաս սերունդի գաղափարական ոգեւորման գործը։
Բայց այս անգամ կառավարութիւնը կարծրութեամբ միջամտեց եւ 1885ին ուղղակի Օսմանեան Կայսրութենէն դուրս՝ Մարսէյլ աքսորեց Վանի յեղափոխական շունչն ու ոգին դարձած Փորթուգալեանին։ Ան հաստատուեցաւ Մարսէյլ, հիմնեց «Արմենիա» թերթը եւ ամբողջական նուիրումով փարեցաւ անոր միջոցաւ հայկական յեղափոխութեան գաղափարական կրակը բոլորին հասցնելու աշխատանքին։
Նոյն տարին, Վան մնացած իր հետեւորդներուն հետ, Փորթուգալեան հիմնեց «Արմենական» կուսակցութիւնը, որուն գաղափարական հունաւորման ծառայեցուց իր թերթն ու գրիչը։
Մինչեւ 1921ի իր մահը, Փորթուգալեան հաւատարիմ մնաց հայ ազգային-ազատագրական պայքարի կրակը ամբողջ աշխարհի հայութեան հասցնելու առաքելութեան։
Թէեւ «Արմենական» կուսակցութիւնը ընդհանրապէս իր տեղը զիջեցաւ նախ հնչակեաններու եւ, ապա, դաշնակցականներու յեղափոխական յանդուգն մակընթացութեան առջեւ, այսուհանդերձ՝ Մկրտիչ Փործուգալեանի ցանած սերմերը իրենց պտուղը տուին եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժումը քաղաքական ու կազմակերպական ոստում կատարեց։ Հայկական Ազատամարտի յառաջապահ դրօշակիրին ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս հակիրճ ակնարկը կþարժէ աւարտել Հ.Յ.Դ. առաջին սերունդի ականաւոր դէմքերէն՝ Մեծ Եղեռնի առաջին նահատակներէն Ա. Վռամեանի վկայութեամբ.
«Կ'նցնին տարիներ, երբ այսօրուան կիրքերը վաղո՜ւց գերեզման մտած կը լինեն օրուան «խենթերուն» ու «խելօքներուն» հետ, երբ ժամանակակից դէպքերը բաժին կը դառնան անաչառ պատմութեան, երբ կը ստեղծուի Հայ Ազգ մը իր արմատներուն վրայ՝ գիտակից եւ տէր իր ճակատագրին,- այն ատեն է, որ պիտի ճշդուի ընկերաբանական դերը այն մեծ ու հզօր, զոր կատարեց Հայ Յեղափոխութիւնը այդ կազմաւորումին մէջ։ Այն ատեն է, որ պիտի գնահատուի ազգ կերտողներու արդէն շիջած այդ սերունդը, որուն մէջ եւ Փորթուգալեան։
«Այսօր, ողջունենք սրտագին մեր Վեթերան սերմնացանը, ողջունենք անոր դարձը հայրենի հողին վրայ։
«Անոր ալեւոր մազերուն վրայ Արծրունեաց աւերակներուն փոշին է, որ կը ճերմկի, բայց ականջ տանք անոր սրտին - հոն անշէջ կը պլպլայ հաւատքը, որ սրտատրոփ կը սպասէ... Մհերի դրան բացուելուն։
«Ողջո՜յն անոր, զոր հաւատքը չլքեց եւ որուն քայլերուն կամքը առաջնորդեց»։

Ն.