19 Նոյեմբեր 1918ին, 94 տարի առաջ, Պոլսոյ մէջ վախճանեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան անխոնջ ու բազմահմուտ պահապաններէն եւ վաստակաշատ մշակներէն Մաղաքիա Արք. Օրմանեան։

16 Նոյեմբերին, 157 տարի առաջ, հայկական հողի վրայ մղուած ռուս-թրքական հերթական պատերազմի ընթացքին, ցարական զօրքը երկրորդ անգամ ըլլալով գրաւեց Կարսը, բայց դարձեալ որոշեց թուրքերուն ձգել հայապատկան հինաւուրց աւանը։

Այսօր՝ Նոյեմբեր 15ին, կը լրանայ մահուան 146րդ տարելիցը Կարապետ Ամիրա Պալեանի, որ Օսմանեան Կայսրութեան չորս սերունդ արքունի ճարտարապետներ տուած Պալեան ամիրայական ընտանիքին ամէնէն ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը եղաւ։

Այսօր՝ 14 Նոյեմբերին, կը լրանայ մահուան 80ամեակը հայ ժողովուրդի մեծանուն մտաւորականներէն Լէոյի, որ պատմագիտական եւ ազգային-հասարակական ուսումնասիրութեանց իր բեղուն վաստակով՝ անվիճելի հեղինակութիւն մը եղաւ ընդհանրապէս հայ մտքի զարգացման եւ յատկապէս հայ իրականութեան քննական վերլուծութեան ու արժեւորման մէջ։

Նոյեմբերի այս օրերուն, 1918 թուականին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանը ծանր ցնցումի եւ խոր սուգի մէջ էր։
Նոյեմբերի 14ին (Հ.Հ. նորայայտ տուեալներով՝ ամսու 11ին), եղբայրասպան փամփուշտի զոհ գնաց վարչապետ Ալ. Խատիսեանի կառավարութեան գլխաւոր դէմքերէն՝ Աշխատանքի եւ Հանրային Խնամատարութեան նախարար Խաչատուր Կարճիկեանը։