Օգտուելով Հայաստանի ծանօթ գրագէտներէն Սերօ Խանզատեանի, «Արտասահմանի հայութեան հետ Մշակութային Կապի» Երեւանի Կեդրոնական Կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի եւ Գրողներու Միութեան քարտուղար Եդուարդ Թոփճեանի Փարիզ ներկայութենէն, ֆրանսահայոց Յիսնամեակի Յանձնախումբը Հայաստանի հիւրերը Տեսին հրաւիրուած է

- Մեծ Եղեռնի զոհերէն նշանաւոր բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի անձնական արխիւները Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին սեփականութիւնը դարձած են վերջերս։ Բանաստեղծ Սեւակի ներկայիս Փարիզ բնակող այրին՝ Երեւանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանին նուիրած է ամբողջ կէս դար պահպանած ընտանեկան մասունքները, որոնց մէջ կը

- Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի պետական թանգարանի կազմակերպած «Հայ թատրոնի 2000 տարին» շրջուն ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն արձանագրած է։ Հայաստանի 23 շրջաններու մէջ ցուցահանդէսը դիտած են աւելի քան 300 հազար քաղաքացիներ։

- Երեւանի Մատենադարանի մուտքին աջ ու ձախ կողմերը զետեղուած են Մովսէս Խորենացիի եւ Անանիա Շիրակացիի արձանները, շինուած՝ փարաքարի մոխրագոյն պազալտէ։ Խորենացիի

Կիրակի՝ 19 Սեպտեմբեր 1965ին, Այնճարի շքեղ ծառաստաններուն մէջ, աննախընթաց բազմութեամբ ու խանդավառութեամբ տօնակատարուեցաւ Մուսա Լերան դիւցազնական հերոսամարտի 50ամեակը:  Ժամը 9:30ին Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի լուսարարապետ Հայրիկ Արքեպիսկոպոսին, կը հասնէր Շթորայի հայակեդրոն գիւղը: Շրջանի հայութիւնը գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. «Աղբալեան» խումբի եւ Լիբ. Օգն. Խաչի «Կազդուրման կայան»ի փոքրիկներուն, արժանավայել շուքով կը

Վահան Շիրվանեանի մեծ հայրը Միացեալ Նահանգներ գաղթած եւ, շատ մը հայերու պէս, զբաղած է գորգավաճառութեամբ: Վահան Շիրվանեան հիւմուրով ծաղրանկարիչ մըն է: Սեփական ճիգերով յաջողած ծաղրանկարիչ մը, որուն գործերը լոյս տեսած են «Սաթըրտէյ իվնինկ փոստ»ի, «Լուք»ի, «Թրու»ի, «Արկողի»ի, «Մըքքոլզ»ի եւ «Տիս ուիք»ի մէջ: