- Վերջերս, Հայաստան այցելած են՝ Աւստրիոյ Գիտութիւններու Ակադեմիոյ նախագահ ակադեմիկոս Էրիխ Շմիթ, Անգլիոյ մշակոյթի նախարար տիկին Ճենի Լի եւ խումբ մը ճափոնցի  գիտնականներ, որոնք տեսակցութիւններ ունեցած են հայ պետական դէմքերու եւ գիտնականներու հետ ու պտտած են երկրին տեսարժան վայրերը։

- Ղարաբաղի Տումի գիւղին մօտերը, գիւղացիներ պատահաբար երեւան հանած են հին դամբարաններ, որոնց մէջ գտնուած են 60-190 սմ. երկարութիւն եւ 40-120 սմ. խորութիւն ունեցող գերեզմաններ։ Գերեզմաններէն մէկը ունէր 2,50 մեթր երկարութիւն եւ կը պարունակէր կնոջ մը դիակը։ Հոն գտնուած են կաւէ սափորներ, ականջի օղեր, դրամներ, թանկարժէք եղջերաքարերէ

Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ ապագայի վարժարանը: Ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր կրթութիւնը մեծ ու փոքր երկիրներու կառավարութեանց թիւ մէկ խնդիրն է, ամերիկացիք սկսան փորձի մը, որ եթէ յաջողի, Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլորովին պիտի փոխուի կրթական դրութիւնը: Ֆլորիտայի մէջ հաստատեցին վարժարան մը, որ թէեւ կանոնաւոր կերպով կը գործէ, բայց դեռ

Տարուէ տարի կþաւելնայ Հայաստանի թանգարաններուն նկատմամբ ժողովուրդին հետաքրքութիւնը, անընդհատ կþաւելնայ այցելուներուն թիւը։ Լայն ընդունելութիւն գտած են, օրինակ, Հայաստանի Պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանները։ Պատմական հազուագիւտ, արժէքաւոր ցուցանմոյշներով հարուստ մշակոյթի այդ

- Երեւանի մէջ աշխատանքներ կը տարուին՝ թատրոնի նոր շէնքի մը շինութեան ուղղութեամբ։ Առաջին բեմադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1966 Յունուարին։ Պիտի բեմադրուի «Պեպօ»ն։ Թատրոնի նոր շէնքը պիտի ունենայ բոլոր յարմարութիւնները։ Փորձասրահներու մէջ փորձեր պիտի կրնան կատարել երեք խումբեր, որոնցմէ երկուքը միաժամանակ ներկայացումներ պիտի