50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Կիրակի՝ 19 Սեպտեմբեր 1965ին, Այնճարի շքեղ ծառաստաններուն մէջ, աննախընթաց բազմութեամբ ու խանդավառութեամբ տօնակատարուեցաւ Մուսա Լերան դիւցազնական հերոսամարտի 50ամեակը: Ժամը 9:30ին Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքի լուսարարապետ Հայրիկ Արքեպիսկոպոսին, կը հասնէր Շթորայի հայակեդրոն գիւղը: Շրջանի հայութիւնը գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. «Աղբալեան» խումբի եւ Լիբ. Օգն. Խաչի «Կազդուրման կայան»ի փոքրիկներուն, արժանավայել շուքով կը դիմաւորէ Վեհափառը: Յաղթական կամարի մուտքին աղաւնիներ կþարձակուին եւ ոչխար մը կը զենուի: Երկու ծաղկեփունջեր կը նուիրուին Վեհին՝ «Աղբալեան» խումբի եւ «Կազդուրման կայան»ի փոքրիկներուն կողմէ, որոնց տեսչուհին՝ Մարի Քէշիշեան, բարի գալուստի ուղերձ մը կը կարդայ: Շթորայի մուտքին Վեհափառը կը դիմաւորեն Այնճարէն եկած կարգադիր յանձնախումբի անդամներ եւ կþառաջնորդեն Այնճար: Ծառաստաններու մուտքին վեհափառը իր շքախումբով կը դիմաւորուի Այնճարի երեւելի ազգայիններու կողմէ: Ոչխար մը կը զենուի, աղաւնիներ կþարձակուին եւ թմբուկ ու զուռնայի նուագածութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Լիբ. Օգն. Խաչի Այնճարի մասնաճիւղերու սկաուտներուն եւ արծուիկներուն շարքերուն մէջէն անցնելով՝ Վեհափառը թափօրով կþառաջնորդուի Ս. պատարագին վայրը: «Հայր Մեր»էն առաջ Վեհափառ Հայրապետը կը խօսի հոգեշունչ քարոզ մը: Յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն 17 նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար եւ աւանդական մատաղի օրհնութիւն: Այնուհետեւ ազգայնաշունչ հոյակապ ճառ մը խօսեցաւ Հրաչ Տասնապետեան: Սկսաւ ճաշկերոյթի եւ խրախճանքի բաժինը: Օրհնութեան խօսքը ըրաւ Վեհափառ Հայրապետը: Բազմահազար ժողովուրդը, անթերի կարգապահութեամբ, մինչեւ ուշ գիշեր խանդավառ օր մը անցընելէ ետք, մեկնեցաւ Այնճարէն, Մուսա լերան դիւցազնական հերոսամարտի 50ամեակը արժանավայել շուքով տօնակատարած ըլլալու անհուն գոհունակութեամբ: