- Յունիս 25ին Հայաստան հասած են աշխարհի առաջին կին տիեզերագնաց Վալինթինա Նիկոլայէվան եւ գնդապետ Անդրիան Նիկոլայէվը։ Հայաստանի ժողովուրդը սիրալիր ընդունելութիւն ըրած է տիեզերքի հերոսներուն։ Հայաստան գտնուած ժամանակամիջոցին անոնք այցելած են Մատենադարանը, եւ պտտած են Երեւանի տեսարժան վայրերը։ Տիեզերագնաց ամոլը այցելած է

Օգոստոս ամիսը մեծ արձակուրդներու ամիսն է: Փարիզեցիներուն մեծ մասը այդ ամսուն կը լքէ ամէն ինչ ու կը փութայ դէպի ծովափնեայ ամարանոցները: Պարագան նոյնը չէ, սակայն, շարժանկարի ճարտարարուեստի աշխատաւորներուն համար: Օգոստոս ամսուն բազմաթիւ ժապաւէններու պատրաստութեան կը ձեռնարկեն շարժանկարի արտադրիչներն ու բեմադրիչները:

Ցիրիմոքոսի կազմած հելլէն նոր դահլիճը այսօր կը ներկայանայ խորհրդարան: Անկախ վստահութեան քուէարկութեան արդիւնքէն, զոր նախատեսել դժուար է, Յունաստանի քաղաքական մթնոլորտը, որ տարապայմանօրէն ծանրացաւ վերջին 48 ժամերու ընթացքին, կը մտահոգէ քաղաքական դիտողները: Ուրբաթ իրիկուն բուռն ցոյցեր տեղի ունեցան Աթէնքի փողոցներուն

ՀՄ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական սկաուտական խորհուրդի կազմակերպութեամբ, ամէն տարի դպրոց-բանակումներ տեղի կþունենան սկաուտական գործնական աշխատանքներու գիտութիւնը աւելի զարգացնելու եւ նոր աստիճանաւորներ պատրաստելու համար: Սկաուտական կեանքին մօտէն տեղեակ չեղող անձին համար թերեւս նորութիւն մը ըլլայ այս դպրոց-բանակումներու