- Սեպտեմբեր 18ին, Փարիզի հայոց Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած է տաղանդաւոր երգահան Ժորժ Կառվարենցի եւ Այտա Ազնաւուրի պսակադրութեան Ս. Խորհուրդը, կնքահայրութեամբ՝ «Ամէնուն Տարեգիրք»ի հրատարակիչ¬խմբագիր ընկեր Կարօ Գէորգեանի։ Ներկայ եղած են՝ հայ եւ օտար բազմաթիւ հրաւիրեալներ, որոնց մէջ նաեւ արուեստի աշխարհի

անուանի ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Մորիս Շըվալիէ, Լոլո Պրիճիտա, Ճոնի Հոլիտէյ եւ շատ մը ուրիշներ։ Պսակադրութիւնը կատարած են Արեւմտ. Եւրոպայի Կաթողիկոսական Պատուիրակ Սերովբէ Արք. Ապատեան ինչպէս նաեւ Վարդապետներ եւ քահանայ հայրեր։ Պսակադրութենէն ետք, հրաւիրեալներուն, տրուած է շքեղ հացկերոյթ մը, որ տեւած է մինչեւ առաւօտեան ժամերը։ Ֆրանսական բոլոր թերթերն ու պարբերականները հրատարակած են նորապսակ զոյգին նկարները եւ պսակադրութեան նկարագրութիւնը։ Իսկ ֆրանսական պատկերասփիւռը հեռասփռած է այս առթիւ առնուած շարժանկարը կէս ժամ տեւողութեամբ։

- Մշակութային նուագահանդէսներու հայկական ընկերութիւնը, շարք մը երգահանդէսներ տալու համար Հայաստան հրաւիրած է ֆրանսահայ ծանօթ երգչուհի Ռոզի Արմէնը։ Սիրով ընդառաջելով այս հրաւէրին, տաղանդաւոր հայ արուեստագիտուհին Հայաստան պիտի մեկնի Նոյեմբերին։

- Լիբանահայ երգիչ Տիգրան Ժամկոչեան,Վենետիկի մէջ, իբրեւ մեներգող, երկու առիթներով հանդէս եկած է երաժշտասէր հոծ բազմութեանց առջեւ։ Առաջինը՝ Սեպտեմբեր մէկին՝ Կրասի պալատի ընդարձակ սրահին մէջ, Վիվալտիի նուիրուած երեկոյթին, կատարելով երկու արիաներ «Լա Նինֆա» օփրայէն։ Երկրորդ անգամ, հայ երգիչը ներկայացած է Պելլինիի նուիրուած հանդիսութեան մը ընթացքին, դա՛րձեալ Կրասի պալատին մէջ։ Հանդիսութիւնը կը կրէր միջազգային բնոյթ՝ մասնակցութեամբ զանազան ազգերու ներկայացուցիչներու։ Տ. Ժամկոչեան բեմ եկած է հայկական տոհմիկ տարազով։ Իտալական մամուլը եւ երաժշտական քննադատները ջերմ տողերով արտայայտուած են հայ երգիչին մասին։