- Աշխարհահռչակ հայազգի երգահան Արամ Խաչատուրեան սրտի կաթուած ունեցաւ Ժընեւ, երբ որ կը գտնուէր, եւ անմիջապէս փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Արամ Խաչատուրեան Ժընեւ կը գտնուէր Երաժշտանոցին կողմէ կազմակերպուած 18րդ երաժշտական մրցումին իբրեւ գնահատիչ յանձնախումբի անդամ։ Դարմանող բժիշկները յայտարարեցին՝ թէ 62 տարեկան երգահանին վիճակը գոհացուցիչ է։ Նոր քննութիւն մը եւս պիտի կատարեն, որպէսզի ըսեն՝ թէ վտանգը անցուցա՞ծ է, թէ՞ ոչ տակաւին։

- Աշխարհի ովկիանոսները, ծովերն ու գետերը ճեղքող Խորհրդային Միութեան առեւտրական նաւատորմի հազարաւոր հին ու նոր, մեծ ու փոքր նաւերուն մէջ կը գտնուին հայկական անուններ կրող հինգ նաւեր.¬ «Երեւան», «Կամօ», «Արմենիա», «Լենինական» եւ «Արարատ»։ «Երեւան»ը աւելի քան քսան տարի է կը նաւարկէ Ծայրագոյն Արեւելքի ջուրերուն մէջ, զանազան բեռներ փոխադրելով Ճափոնի եւ Աւստրալիոյ նաւահանգիստները։ «Կամօ» ապրանք կը փոխադրէ Հնդկաստանի, Ինտոնեզիայի, Վիէթնամի եւ Պիրմանիոյ նաւահանգիստները։ «Արմենիա» մարդատար ջերմանաւը կանոնաւոր կերպով ճամբորդներ կը փոխադրէ Ռուսաստան, Յունաստան, Լիբանան ու Թուրքիա։ Նոյն գծերուն վրայ կը գործէ նաեւ «Արարատ» հեղուկանաւը ¥աւազանանաւը¤։ Այս նաւերէն ամէնէն երիտասարդը «Լենինանական»ն է, որ տարիէ մը ի վեր ջուր իջեցուած է։ Այդ ժամանակամիջոցի ընթացքին ապրանք փոխադրած է 14 երկիրներու 20 նաւահանգիստները։ «Լենինական» այցելած է Պրազիլիոյ, Ճափոնի, Գուպայի, Քուվէյթի, Իտալիոյ եւ այլ բազմաթիւ երկիրներու նաւահանգիստները։ Ցաւալին այն է, որ հայկական անունները կրող այս նաւերուն անձնակազմին մէջ, նմոյշի համար իսկ՝ հայ անունը կրող մէկ մարդ չկայ։ Բոլորն ալ օտար են, գլխաւորաբար ռուս։