- Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի պետական թանգարանի կազմակերպած «Հայ թատրոնի 2000 տարին» շրջուն ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն արձանագրած է։ Հայաստանի 23 շրջաններու մէջ ցուցահանդէսը դիտած են աւելի քան 300 հազար քաղաքացիներ։
- Երեւանի Մատենադարանի մուտքին աջ ու ձախ կողմերը զետեղուած են Մովսէս Խորենացիի եւ Անանիա Շիրակացիի արձանները, շինուած՝ փարաքարի մոխրագոյն պազալտէ։ Խորենացիի արձանը՝ գործն է Երեմ Վարդանեանի, իսկ Շիրակացիինը՝ Գրիգոր Բադալեանի։ Հետագային, Մատենադարանի շէնքին առաջամասին վրայ պիտի զետեղուին հայկական մշակոյթի ուրիշ ականաւոր դէմքերու արձաններն ալ եւ այդ վայրը պիտի դառնայ տեսակ մը բացօթեայ թանգարան։- «Լոնտոն Թայմզ» անգլիական թերթին համաձայն, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկը 110 հազար սթերլին տրամադրած է Օքսֆորտի համալսարանին՝ հայերէն լեզուի ճիւղ մը հաստատելու համար։ Հայերէնի այս ամպիոնը պիտի կոչուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան փրոֆէսըրշիփ»։ Համալսարանի շաբաթական խորհուրդի թելադրութեամբ՝ Համալսարանի պաշտօնաթերթին՝ «Եունիվըրսիթի Կազէթ»ին մէջ պիտի ծանուցուի հայերէն դասաւանդութիւններուն սահմանուած գոլէճը։ Ասիկա՝ հայերէն դասաւանդութեան երկրորդ ամպիոնը պիտի ըլլայ Արեւմուտքի մէջ։ Առաջինը, քանի մը տարի առաջ հաստատուած էր Հարվըրտի համալսարանին մէջ։
- Փատովայի մէջ, վերջերս տեղի ունեցած է Իտալիոյ նկարչական հինգերորդ մրցումը՝ երեք բաժիններով ¬ նկարչութիւն, շարժանկար ու լուսանկարչութիւն։ Ներկայացուած լաւագոյն քսան նկարչական գործերէն մէկը նկատուած է՝ լիբանահայ 18 տարու նկարիչ Լեւոն Ժամկոչեանի պաստառը։