Օգտուելով Հայաստանի ծանօթ գրագէտներէն Սերօ Խանզատեանի, «Արտասահմանի հայութեան հետ Մշակութային Կապի» Երեւանի Կեդրոնական Կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանի եւ Գրողներու Միութեան քարտուղար Եդուարդ Թոփճեանի Փարիզ ներկայութենէն, ֆրանսահայոց Յիսնամեակի Յանձնախումբը Հայաստանի հիւրերը Տեսին հրաւիրուած է Սեպտեմբեր 10ին, Յուշարձանի հարցի ուսումնասիրութեան առնչութեամբ։ Ցերեկին հանդիսութիւն մը տեղի ունեցած է Տեսինի Ազատութեան հրապարակին վրայ, այսինքն հոն, ուր պիտի կանգնուի ծրագրուած յուշարձանը։ Այս առթիւ խօսած են քաղաքապետն ու ոստիկանապետը, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի հիւրերէն Սերօ Խանզատեան։ Նոյն երեկոյեան, հացկերոյթ եւ հրապարակային հաւաքոյթ տեղի ունեցած են Տեսինի Հ. Յ. Դ. Տան մէջ, ի պատիւ Ս. Խանզատեանի, Վ. Համազասպեանի եւ Ե. Թոփճեանի։ Գեղարուեստական յայտագրի մը գործադրութենէն ետք բեմ հրաւիրուած է Վ. Համազասպեան, որ խօսած է հայրենիքի յառաջդիմութեան մասին՝ մշակոյթի ու ստեղծագործութեան զանազան մարզերուն մէջ։ Ներկայ աննախընթաց վերելքը՝ Համազասպեան վերագրած է «հայ ժողովուրդի շինարար ոգիին, կամքին ու ջանքերուն»։ Յոյս յայտնած է, թէ պիտի գայ օրը, երբ թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող հայկական հողերով պիտի ընդարձակուին ներկայ Հայաստանի սահմանները։ Այժմու սահմաններով իսկ, ըստ պրն. Համազասպեանի հաւաստումին, Հայաստան մինչեւ 1980 կարելիութիւն պիտի ունենայ ապրեցնելու 6-7 միլիոն ժողովուրդ, շնորհիւ իր ճարտարարուեստի եւ արդիւնաբերական այլ ձեռնարկներու սլացքին եւ ընդարձակման։ Երկրորդ բանախօսը, գրագէտ Սերօ Խանզատեան, զուարթ զրոյցով մը սկսած եւ ընդհանուր գիծերով ջատագոված է լուսաւորութեան եւ գրականութեան մարզերու բարգաւաճ վիճակը։ Հայկական համալսարաններու կարեւոր դերը երկրի վերելքին առնչութեամբ, ուր արտասահմանէն ալ հայ ուսանողներ կը ստանան բարձրագոյն կրթութիւն։