- Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ վերջերս տեղի ունեցած է խաղողի, շամփանիա գինիներու եւ քոնեակներու միջազգային մրցումը, որուն մասնակցած են մօտաւորապէս 30 երկիրներ։ Խորհրդային Միութեան 11 հանրապետութիւնները եւս ներկայացուցած են իրենց լաւագոյն արտադրութիւնները։ Հայաստանի «Արարատ»ի ներկայացուցած գինիներէն «Գետաշէն»ը, «Արեւշատ»ը, «Արեւիկ»ը, «Այգեշատ»ը եւ «Մուսկաթ»ը ¥սպիտակ¤ արժանացած են ոսկի մետալներու։ Նոյնպէս, պատուի արժանացած են՝ երեք նոր գինիներ.¬ «Տոկուն»ը «Արարատին»ը եւ «Տիգրանի»ն։ Վերջինս նուիրուած է ճատրակի աշխարհի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանին։ «Նեկտարենի» գինին արժանացած է արծաթէ մետալի։ Արծաթ մետալներու արժանացած են նաեւ՝ «Սապերավին» ¥անուշահամ¤, «Աշտարակ» եւ «Բիւրական» գինիները։ Ոսկի մետալներու արժանացած են՝ «40 տարի» եւ «Դուին» քոնեակները։ Արծաթէ մետալներ ստացած են՝ «Յոբելեանական», «Երեւան» եւ «Հայաստան» քոնեակները։ Հայաստանի ներկայացուցած գինիներն ու քոնեակները արժանացած են 10 ոսկի, 12 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալներու։
50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
- Հայաստանի միջ-շրջանային թատրոնները աւարտած են իրենց ամառնային թատերաշըրջանը։ Ամառը՝ Արտաշատի տրամաթիկ թատրոնը շրջագայութեան ելած է Հիւսիսային Կովկասի կարգ մը հայաբնակ քաղաքներն ու շրջանները։ Կիրովականի Յովհաննէս Աբելեան տրամաթիկ թատրոնի խումբը յաջողութեամբ աւարտած է իր ամառնային շրջագայութիւնը Պաքուի, Թիֆլիսի, Լենինականի եւ Երեւանի մէջ։ Կամոյի Լեւոն Գալանդար միջ-շրջանային թատրոնի խումբը Թալինի եւ շրջակայ գիւղերուն՝ Ակունքի, Մաստարայի եւ Աշնակի մէջ մեծ յաջողութեամբ ներկայացուցած է Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները», Միքայէլեանի «Վարազդատ»ը եւ ուրիշ գործեր։ Թատերախումբը ներկայացումներ տուած է նաեւ Ախալքալաքի մէջ։