- Քսան տարի ետք, 1985ին, այսօրուան բաղդատմամբ, երկրի բնակչութիւնը հարիւրին 40 աւելցած պիտի ըլլայ: Այսինքն աշխարհի բնակչութեան թիւը հասած պիտի ըլլայ 4 միլիառ 300 միլիոնի: Մարդոց սնունդը պիտի ապահովուի «ինքնագործ» երկրագործութեամբ եւ ծովու ջուրի ազատումով: Ծնունդներու հակակշիռը մասամբ պիտի հաւասարակշռէ նուազած մահացութիւնը:

- Վենետիկի Միջազգային Փառատօնին մէջ, այս տարի եւս, երկրորդ անգամ ըլլալով՝ բացառիկ հրաւէրով փայլած են երկու հայ արուեստագէտներ ¬ լիբանահայ ծանօթ պարիթոն Տիգրան Ժամկոչեան եւ պուլկարահայ ջութակահար Յովհաննէս Անասթասեան։ Մուտքի մրցումներուն մասնակցած են աշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերէն բազմաթիւ երաժիշտներ։ Հայ

- Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»ի քառասնամեակին առթիւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն հրատարակած է ողջոյնի խօսք մը՝ գնահատանքի ջերմ արտայայտութիւններով, ուր ի միջի այլոց կþըսէ.- Քառասուն երկարաձիգ տարիներու բեղուն վաստակով բեռնաւոր, «Յառաջ» ճակատաբաց կը ներկայանայ տարագիր հայութեան առջեւ՝ իր

- Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի պրոնզաձոյլ արձանին բացման արարողութիւնը, ի ներկայութեան պաշտօնական դէմքերու, գրողներու, արուեստագէտներու եւ բազմաթիւ քաղաքացիներու։ Բանաստեղծին արձանը հաստատուած է իր անունը կրող նոր փողոցի մը հրապարակին կեդրոնը։ Արձանին բացումը կատարած է

- Հայ բուսաբաններ գտած են հարիւրակ մը նոր տեսակի բժշկական բոյսեր, որոնց հայթայթած հիւթերը կը գործածուին սրտանօթային հիւանդութիւններ, արեան գերճնշումը եւ ուրիշ հիւանդութիւններ դարմանելու համար։ Հաստատուած է, որ Հայաստանի բժշկական բոյսերը խիստ բազմատեսակ են։ Նմանապէս հաստատուած է, որ մօտ երեք հազար տեսակ բոյսերու