- Աթէնքի մեծագոյն օրաթերթերէն «Էլէֆթերիա» կը գրէ.¬ «Լը Մոնտ» թերթը այսօր հրատարակած է Ազատ Հայաստանի տարագիր կառավարութեան վարչապետին յայտարարութիւնները, որոնցմով ան կը պահանջէ, որ հանրաքուէ կատարուի Թուրքերու կողմէ գրաւուած Արեւելեան Հայաստանի մէջ, քանի որ Անգարա Գաշմիրի համար հանրաքուէի լուծումը կը պահանջէ։
- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Խորէն Ա.ի կարգադրութեամբ՝ Անթիլիասի Դպրեվանքի Տեսուչ Գարեգին Ս. Եպս. Սարգիսեան Սեպտեմբեր 13ին մեկնած է Հռոմ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ որպէս Դիտող հետեւելու Վատիկանի Բ. Ժողովի Դ. նստաշրջանի առաջին մասին՝ մինչեւ Հոկտեմբեր 31։ Վեհափառ հօր կարգադրութեամբ՝ Նոյեմբեր 1էն մինչեւ Դեկտեմբեր 15, նոյն հանգամանքով՝ Վատիկանի ժողովին պիտի հետեւի Հարաւային Ֆրանսայի հայոց Առաջնորդ Արտաւազդ Եպս. Թրթռեան։
- Սուրիայէն, Լիբանանէն, Յունաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրաքէն ու Եթովպիայէն 70 երիտասարդներ Երեւանի բարձրագոյն վարժարանները ընդունուած են։ Յորդանանահայ երիտասարդները առաջին անգամ ըլլալով մաս կը կազմեն սփիւռքահայ ուսանողներու խումբին։ Միւս կողմէ, 15 երիտասարդներ պիտի ուսանին Հայաստանի մայրաքաղաքին թեքնիկական վարժարաններուն մէջ։ Այսպէսով 13 երկիրներէ մօտ 300 հայ երիտասարդներ կþուսանին Հայաստանի մէջ, որպէսզի ճարտարագէտներ, մեքենագէտներ, ճարտարապետներ, պատմաբաններ, մանկավարժներ ու բժիշկներ դառնան։ Հայաստանի բարձրագոյն ու երկրորդական մասնաւոր կրթութեան Հանրապետական Կոմիտէն սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար պատրաստած է շահագրգռական ուսումնագիր մը, որ արձակուրդներու ատեն ճամբորդութիւններ կը նախատեսէ դէպի Մոսկուա, Լենինկրատ, Թիֆլիս ու Պաքու։