- Ջղային դրութեան մասնագէտ փրոֆ. Սուրէն Զոհրապեան, հռչակաւոր է ամբողջ Խ. Միութեան մէջ։ Վերջերս անդամ ընտրուած է ջղավիրաբոյժներու համաշխարհային ընկերութեան։
- Արամ Գաթանեան Երեւանի Երաժշտանոցը աւարտած եւ ասպարէզ իջած է 1951ին, ղեկավարելով Շոսթաքովիչի հինգերորդ համերգը։ Այնուհետեւ ղեկավարած է Լիսթի, Գարայէվի, Շթրաուսի, Ռոտիոն Չերտինի զանազան գործերը։ Հուսկ ձգած է «Ֆիլհարմոնիա»ն եւ անցած «Օփերա»յին։ Ան վերջերս ղեկավարած է Արամ Խաչատուրեանի «Սպարտակ»ը, ի ներկայութեան հեղինակին, որ յայտարարած է, թէ լուսաւոր ապագայի մը առջեւ կը գտնուի Գաթանեան։
- Յառաջիկայ տարի, Հայաստանի մէջ բեռնաբարձ¬ինքնաշարժներու արտադրութիւնը պիտի կրկնապատկուի, որովհետեւ, Երեւանի մէջ շինուած բեռնաբարձ եւ ուրիշ գործերու յատուկ մեքենաներու յարաճուն պահանջ կայ։ Անոնք շատ գնահատուած են նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ, Ծայրագոյն Արեւելքի, Սիպերիոյ ու Բեւեռային շրջանին մէջ։ Երեւանի գործարանը Խորհ. Միութեան մէջ միակն է, որ երկու թոննոց բեռնաբարձ կառքեր կը հայթայթէ արտադրութեան տարբեր ճիւղերու համար։ Ներկայիս, գործարանը արտադրութեան համար կը պատրաստէ «Մալիուքա» տեսակի կատարելագործուած մեքենաներ, որոնք մէկ թոն կը վերցնեն։