50 տարի առաջ....
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Վահան Շիրվանեանի մեծ հայրը Միացեալ Նահանգներ գաղթած եւ, շատ մը հայերու պէս, զբաղած է գորգավաճառութեամբ: Վահան Շիրվանեան հիւմուրով ծաղրանկարիչ մըն է: Սեփական ճիգերով յաջողած ծաղրանկարիչ մը, որուն գործերը լոյս տեսած են «Սաթըրտէյ իվնինկ փոստ»ի, «Լուք»ի, «Թրու»ի, «Արկողի»ի, «Մըքքոլզ»ի եւ «Տիս ուիք»ի մէջ: 1963ին զարդանկարած է բանաստեղծութիւններու գիրք մը՝ գրուած՝ Ճորճի Սթարպուք Կալպրէյթի կողմէ: Նիւ Ճըրզիի Մաունթըն Լէյք շրջանին մէջ, 39 տարեկան ծաղրանկարիչը կը բնակի թաղի մը մէջ, ուր ընդհանրապէս հաստատուած են մեծ ընկերութիւններու տնօրէններ եւ առեւտրականներ: Ծնած Հեքընսաքի եւ մեծցած՝ Նիւարքի մէջ, ծաղրանկարիչը լրագրութիւն կþուսանի Սիթոն Հոլ համալսարանին մէջ եւ երեք տարի կը ծառայէ ամերիկեան օդուժին: Ապա հօրը հետ, որ փաստաբան եղած է Նիւարքի մէջ, կը հրատարակեն շաբաթաթերթ մը: – Հայրս ծանուցում կը հաւաքէր եւ խմբագրականները կը գրէր, եղբայրս մարզական բաժինը կը խըմբագրէր, իսկ ես ծաղրանկարները կը գծէի: Ատեն մը թերթը լաւ սպառում ունեցաւ, սակայն աւելի ետք սպառումը աստիճանաբար անկում կրեց եւ ստիպուած եղանք զայն ծախել: Այդ թուականէն սկսեալ Վահան Շիրվանեան ապրուստը կը շահի ծաղրանկարներ գծելով: Վահան Շիրվանեան շաբաթական տասը ծաղրանկար կը գծէ, ապա կը հետեւի սրամիտ պատմութիւն գրողներու գործերուն՝ նոր նիւթ գտնելու համար: Վահան Շիրվանեան գծագրութեան դաս չէ առած. գծագրութիւնը անոր համար բնատուր կարողութիւն մըն է: Վահան Շիրվանեանի նախասիրած ամերիկացի ծաղրանկարիչներն են Չարլզ Ատըմզ եւ Փիթըր Առնօ, երկուքն ալ լաւապէս ծանօթ՝ «Նիւ Եորք»ի մէջ: Սակայն իր հիացումը կþերթայ անգլիացի եւ ֆրանսացի ծաղրանկարիչներուն: Երբ հարց կը տրուի իր յաջողութեան մասին, ամերիկահայ ծաղրանկարիչը կարճ պատասխան մը ունի միայն տալիք. – Գիտեմ, թէ մաշած խօսք մըն է, սակայն Ամերիկա տակաւին կը մնայ հնարաւորութիւններու երկիրը: