Թիֆլիսի մէջ

Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ Ապրիլ 6-ին կատարուած է հոգեհանգիստի արարողութիւն Սուրիոյ պատերազմին զոհուածներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Թեհրանի Սասուն քաղաքամասի Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցու շրջափակում տեղի ունեցաւ համահաւաք՝ ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ մէջ գտնուող հայաբնակ Քեսապ քաղաքի հայութեան՝ քեսապահայութեան:

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռոպըրթ Մենենտեզ եւ ծերակուտական Մարք Քըրք Ծերակոյտին ներկայացուցած են

Ապրիլ 3-ին Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեան հանդիպում ունեցաւ Պունտեսթաքի նախագահ Նորպերտ Լամմերթի հետ:
Ի շարս այլ հարցերու քննարկուեցաւ նաեւ Քեսապի հարցը:

«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով «Փրենսա Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի օրէնսդիր խորհուրդը որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկու նախագիծ: