Սուրիահայութեան աջակցութեան ծիրին մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խողովակով 50 հազար եւրօ ուղարկած է Քեսապի հայութեան հրատապ խնդիրներու լուծման: Այս մասին յայտնած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքէն:

Մարտ 30-ին, Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճգնաժամի մէջ յայտնուած Քեսապի հայութեան ի նպաստ զօրակցական հաւաք։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայց. Առաքելական Ս. Նշան եկեղեցւոյ, Գէմպրիճի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Գէմպրիճի Հայ Կեդրոնին կողմէ։

Սուրիոյ տարածքին ծաւալող զինուորական գործողութիւնները տագնապալի կացութեան մը մէջ դրած են սուրիահայութիւնը: Պատմական Քեսապ հայաւանը այսօր դատարկուած է իր դարաւոր բնակչութենէն:

Լոյս տեսաւ Եւրոպական միութեան հարեւանութեան ծրագրի առաջընթացի տարեկան զեկոյցը, որ կը գնահատէ 2013-ին մէջ Հայաստանի արձանագրած փոփոխութիւնները եւ կ'առաջարկէ քաղաքական բարեփոխումներու ուղիներ: 

Որպէս Եւրոպական Միութեան նախագահող երկիր՝ Յունաստանի գլխաւոր հիւպատոս Թէոտորոս Պիզաքիսի հետ հանդիպում մը ունեցած է Սան-Փեթերզպուրկի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեանը։