Թեհրանի Սասուն քաղաքամասի Սուրբ Թարգմանչաց եկեղեցու շրջափակում տեղի ունեցաւ համահաւաք՝ ի պաշտպանութիւն Սուրիոյ մէջ գտնուող հայաբնակ Քեսապ քաղաքի հայութեան՝ քեսապահայութեան:

Համահաւաքը տեղի ունեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի հովանաւորութեամբ, ուր մասնակից էին եւ իրենց զօրակցութիւնն էին բերել թեմի իւրաքանչիւր միութիւն, հասարակական մարմին եւ միաւոր: Նշենք նաեւ, որ միջոցառումները՝ նուիրուած քեսապահայութեան, շարունակական պիտի ըլլան, քանի դեռ կայ ցեղասպանութեան շարունակականութեան հարցն ու խնդիրը:
Ի պաշտպանութիւն քեսապահայութեան՝ ելոյթով հանդէս եկաւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանին մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր տոքթ. Կարէն Խանլարեանը, ընթերցուեցաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի պատգամը, որը այս օրերուն աշխատանքային այցով Սուրիոյ մէջ կը գտնուի, պատգամին մէջ մասնաւորապէս կþըսուի. «Այսօր ամբողջ հայութիւնը մի մարդու նման ոտքի է կանգնած եւ փորձում է օգնութեան հասնել սիրիահայութեան եւ հասնում է ու միւս կողմից էլ աւելի հաստատակամ ու վճռորոշ կառչած է մնում իր հոգեւոր ու ազգային արժէքներին եւ գործում ու պայքարում է միշտ տեսիլքով իր ամբողջական հայրենիքի ու ժողովրդի:
Մենք այս առիթով ողջունում ենք մեր ծննդավայր հայրենիքի՝ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խոհուն, իմաստուն եւ ժողովրդամէտ քաղաքականութիւնը՝ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիայի տագնապին յարաբերաբար: Հաւատանք ու հաւատքով գործենք ու շարունակենք մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ եկեղեցի ու հայրենիք տեսլականով ու վստահ եղէք, որ մի օր հասնելու ենք մեր երազին ու տեսիլքին» մէջբերման աւարտը:
Արտայայտուեցան նաեւ Կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ ներկայացուցիչներ, որոնց խօսքը, բնականօրէն, ուղղուած էր ի պաշտպանութիւն քեսապահայերու անվտանգութեան: Ցուցադրուեցան նաեւ քեսապահայութեան կացութեան մասին պատմող տեսասահիկներ:
Իրանահայ համայնքը նաեւ բողոքի գրութիւն յղած է Իրանի մէջ դիւանագիտական օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւններուն՝ դեսպանատուներուն, ի մասնաւորի Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան, Չինաստանի, Ճափոնի, Հնդկաստանի, Գանատայի դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան: Յղուած գրութեան մէջ նկարագրելով Քեսապի վերջին դէպքերը՝ ներկայացուած են այդ կապակցութեամբ հայութեան պահանջները: Նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Համաշխարհային հանրութիւնը պէտք է երաշխաւորի, որ վերջ կը դրուի բռնութեանը եւ քաղաքացիների ու փոքրամասնութիւնների իրաւունքների ոտնահարմանը եւ որ Թուրքիան կը պատժուի ու կը նախազգուշացւի ահաբեկչական խմբերի հետ շարունակական համագործակցութեան համար: Մենք դատապարտում ենք ահաբեկիչներին տրւող որեւէ օգնութիւն եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանի անունից հանդէս եկողների երեսպաշտութիւնը»:
Համահաւաքին ներկայ էին՝ Իրանում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեանը, ՀՀ հիւպատոսը եւ խորհրդականը, ԻԻՀ Խորհրդարանում հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը, Թեհրանի թեմի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինների ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ «Ալիք» հաստատութեան եւ «Ալիք» օրաթերթի ներկայացուցիչներ ու հոծ թեհրանահայութիւն: