Համազգայինի Հիմնադրամներու Կառոյցի Մարմինը իր հերթական ժողովը գումարեց 19 Մարտ 2014-ին, օրակարգի վրայ ունենալով Համազգայինի տրամադրութեան եւ տնօրինումին յանձնուած հիմնադրամներու 2013ի գործառնութիւնը, ինչպէս նաեւ հաստատելու համար հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարուելիք յատկացումները:

Մարմինը քննելէ ետք Համազգայինի Հիմնադրամներու 2013 տարուան նիւթական գործառնութիւններու արդիւնքը եւ ներ- դրուած գումարներուն տարեփակի հաստատագիրները, վաւերացուց Համազգայինի Հիմնադրամներու առ 31/12/2013 հաշուեկշիռը:
Մարմինը՝ այսու մեր հանրութեան կը տեղեկացնէ որ 2013 տարուան հիմնադրամներու եկամուտներէն կատարած է հետեւեալ յատկացումները ըստ հաստատուած հիմնադրամներու կանոնագրութեամբ սահմանուած տրամադրութիւններուն:
1- Մկրտիչ եւ Քնար Գարագաշեաններու անուան, Արսլանեան Ճեմարանի յատուկ հիմնադրամէն ԱՄՆ տոլար 1800, Ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
2- Զոհրապ Պոսնոյեանի անուան, ճեմարանի եւ Ճեմարանականներու համալսարանական կրթաթոշակի յատուկ հիմնադրամէն,
Ա-ԱՄՆ տոլար 660, Արսլանեան ճեմարանի սաներու ֆոնտին:
Բ-ԱՄՆ տոլար 3000, համալսարանի առաջին տարուան երեք ճեմարանաւարտ ուսանողներու կրթաթոշակներու վճարման:
3- Պաստրմաճեան, Մազմանեան եւ Համազգայինի Հրատարակչական հիմնադրամներէն, ԱՄՆ տոլար 5000, Համազգայինի Հրատարակչականին:
4- Մկրտիչ եւ Ազնիւ Սարգիսեաններու անուան, հայագիտական ուսմանց յատուկ հիմնադրամէն ԱՄՆ տոլար 3000, յատկացում Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին:
Հ.Հ.Կ.Մը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատու ընտանիքներուն, որոնք իրենց հաստատած հիմնադրամներու ճամբով սատար կը հանդիսանան Համազգայինի կրթական, հրատարակչական ու մշակութային առաքելութեան:


Համազգայինի Հիմնադրամներու Կառոյցի Մարմին (ՀՀԿՄ)