«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով «Փրենսա Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի օրէնսդիր խորհուրդը որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկու նախագիծ:

Արժանթինցի օրէնսդիրներ Վերճինիա Կոնծալես Կաս եւ Մար Ռաքել Էրերօ ներկայացուցած են նախագիծ՝ առաջարկելով Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով Ապրիլ 24-ը հռչակել «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան օր»: Նախագիծը հաստատուած է 3 Ապրիլին: Օրէնսդիր խորհուրդը նաեւ հաստատած է օրէնսդիր Փապլօ Ֆերերայի նախագիծը, որ Կրթութեան նախարարութեան կ՛առաջարկէ «անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել քաղաքի առանձին դպրոցական թաղամասերուն մէջ, կրթական ծրագիրի ծիրին մէջ, «Հանդուրժողականութիւնը եւ յարգանքը ժողովուրդներու միջեւ» նիւթով ձեռնարկներ կազմակերպել:
«Յիշատակի մասին կրթութիւնը կը նշանակէ սորվեցնել յարգել եւ պաշտպանել մարդու իրաւունքները: Այս առումով ցեղասպանութեան խնդիրի մասին ուսուցման ընդգրկումը կրթական ծրագիրին մէջ շատ կարեւոր է ոչ միայն ոգեկոչելու, այլ նաեւ նման արտառոց եւ դաժան իրադարձութիւններու պատճառ դարձած հանգամանքները ուսումնասիրելու տեսանկիւնէն», ըսած է Ֆերերօ: