Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռոպըրթ Մենենտեզ եւ ծերակուտական Մարք Քըրք Ծերակոյտին ներկայացուցած են

Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նոր բանաձեւ մը՝ կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ շարունակէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները՝ հիմնուելով Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչման վրայ: